Իսրայէլ կը հրթիրռակոծէ Կազան Իսրայէլ կը հրթիրռակոծէ Կազան  (ANSA)

Ուաշինկթըն արգելակած է Կազայի մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններու սպասող քաղաքայիններու սպանդին համար Իսրայէլը մեղադրող ապահովական խորհուրդի յայտարարութիւնը

Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Պայտըն Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ երկու անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկած է հիւսիսային Կազայի մէջ օժանդակութիւններու յանձնման ընթացքին պատահած «ողբերգական, եւ մտահոգիչ» դէպքը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քաթարի եւ Եգիպտոսի հետ քննարկեց գերիներու ազատ արձակման դիմաց Կազայի մէջ առնուազն 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադուլի հաստատման հարցը: Այս մասին յայտարարեց Սպիտակ տունը:

Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Պայտըն Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ երկու անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկած է հիւսիսային Կազայի մէջ օժանդակութիւններու յանձնման ընթացքին պատահած «ողբերգական, եւ մտահոգիչ» դէպքը:

Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան բանակը չորեքշաբթի, 28 փետրուարին ռմբակոծած էր մարդասիրական օժանդակութիւններ ստանալու համար հերթի կանգնած քաղաքայիններու բազմութիւն մը` պատճառելով առնուազն 112 զոհեր եւ 760 վիրաւորներ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն բուռն կերպով դատապարտեց ու զայրոյթ արտայայտեց Կազայի հիւսիսը մարդասիրական օժանդակութիւններու յանձնման ընթացքին «տասնեակներով պաղեստինցիներու սպանութեան» առնչութեամբ` պահանջելով բացայայտել «տեղի ունեցածին ճշմարտութիւնն ու զոհերուն համար արդարութիւն ապահովել»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ անոնց սպանութիւնը «անարդարանալի է»` նշելով, որ պէտք է ճշմարտութիւնը բացայայտել: «Իսրայէլի պատասխանատուութիւնն է յանձնառու ըլլալ միջազգային օրէնքին եւ պաշտպանել քաղաքային բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւններու յանձնումը»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ երէկ կոչ ուղղեց դէպքին շուրջ անկախ հետաքննութիւն կատարելու: «Այսօր կ՛ուզեմ շատ յստակ ըլլալ: Բացատրութիւններ կը պահանջենք, եւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ տեղի ունեցածը ճշդելու համար անկախ հետաքննութիւն կատարել», «Ֆրանս ինթեր»-ին ըսաւ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի վերոնշեալ դէպքը որակեց «մղձաւանջ»` կոչ ուղղելով բնակչութեան պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Կազայի մէջ քաղաքայիններու նոր ջարդ տեղի ունենալու տեղեկութիւններէն սարսափ զգացի: Կազայի մէջ քաղաքայիններու սպանութիւնն ու մարդիկ սննդական օժանդակութիւններէն զրկելը միջազգային մարդասիրական օրէնքի վտանգաւոր ոտնահարում մը կը նկատուի»:

«Պէտք է առանց խոչընդոտներու մարդասիրական օժանդակութիւններու Կազա հասանելիութիւնը արտօնել», ըսաւ Պորել:

«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ Արաբական երկիրները չեն յաջողած աջակցութիւն ապահովել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի յայտարարութեան համար, որ Իսրայէլի զինուորները կը մեղադրէ Կազայի մէջ սննդամթերք եւ մարդասիրական այլ օգնութիւն սպասող մարդոց վրայ կրակելու եւ անոնցմէ աւելի քան 100-ը սպաննելու յանցանքով:

ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի դեսպան Ռիատ Մանսուր Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ փակ նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է, որ խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը զօրակցած են Ալճերիոյ կողմէ ներկայացուած յայտարարութեան: Միայն Միացեալ Նահանգները դէմ արտայայտուած են:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Ռապըրթ Վուտ իր կարգին Ուաշինկթընի քայլը բացատրած է ըսելով. «Մենք չունինք բոլոր փաստերը, ահա թէ ի՛նչ է խնդիրը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ քննարկած է Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակման եւ հաւանական մարդասիրական զինադուլի հաստատման ջանքերը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Ես կը պահանջեմ նախապէս իմանալ բոլոր առեւանգուածներու անունները, որոնք ազատ պիտի արձակուին ծրագիրի ծիրին մէջ: Այս հարցումին պատասխանը ես տակաւին չեմ ստացած: Տակաւին կանուխ է ըսել, թէ արդեօք մենք յառաջիկայ օրերուն զինադուլի շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյացնե՞նք»:

«Գործարքով կամ առանց գործարքի մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ մինչեւ լիակատար յաղթանակ», ընդգծեց ան:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պատուիրակութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Գահիրէ, ուր պիտի բանակցի Կազայի մէջ զինադուլի հաստատման եւ անոր դիմաց պաղեստինցի գերիները իսրայէլացի գերիներու հետ փոխանակելու հարցին շուրջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2024, 08:21