2023.02.15 Terremoto ad Hama Siria l Pam-wfp. bambini. WFP Photolibrary

Սուրիոյ մէջ 13 տարուայ պատերազմէն ետքը 7,5 միլիոն մանուկներ կարիքն ունին մարդասիրական օժանդակութեան. ԵՈՒՆԻՍԵՖ

«Սուրիոյ մէջ պատանիներու ամբողջ սերունդ մը արդեն անտանելի գին վճարեց այս հակամարտութեան համար» հաստատած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Մերձաւոր Արևելքի և Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանային տնօրէն Ատել Խոտրը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հինգ տարեկանէն վար աւելի քան 650.000 մանուկներ թերասնութեան թիրախ են» այս կը յայտարարէ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամը` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը հիմնուելով վերջերս Սուրիոյ մէջ կատարուած հետազօտութեան մը արդիւնքներուն վրայ, ուր կը նշուի նաեւ թէ Երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ մանուկներու 30 առ հարիւրէն աւելի կը տառապի ընկերահոգեբանական ճնշումէ։

Մանուկներուն յիսուն առ հարիւրը` գրեթէ 2,4 միլիոնը դպրոց չի յաճախէր ապա Երկրին 7,5 միլիոն մանուկներ կարիքն ունին մարդասիրական օգնութիւններու։ Այս բոլորին պէտք է աւելցնել բռնութիւնները, տեղահանութիւնները, տնտեսական ծանր ճգնաժամը, հիւանդութիւնները ու նաեւ երկրաշարժները որոնք դժբախտաբար մեծ ազդեցութիւններ թողուցին ու կը շարունակեն թողուլ սուրիացի դեռահասակներուն վրայ, որոնց մանկութիւնը յատկանշուեցաւ միայն պատերազմով։

«Սուրիոյ մէջ պատանիներու  ամբողջ սերունդ մը արդեն անտանելի գին վճարեց այս հակամարտութեան համար» հաստատած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Մերձաւոր Արևելքի և Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանային տնօրէն Ատել Խոտրը

«Միջազգային հանրութեան կողմէ շարունակական աջակցութիւնը կարևոր է հիմնական սոցիալական ծառայութիւններ մատուցող համակարգերը վերականգնելու համար, ինչպիսիք են կրթութիւնը, ջուրը և առողջապահական ծառայութիւնները, ապա երաշխաւորելու սնունդը, երեխաներուն պաշտպանութիւնը և սոցիալական ծառայութիւնները, այնպէս ընելով որ ՝ Սուրիոյ մէջ ոչ մէկ մանուկ ետ չմնայ»։

Յայտնենք որ ՄԱԿ-ի մանուկներուն ի նպաստ հիմնադրամը 2023 տարուայ ընթացքին ծառայութիւններ մատոյց աւելի քան 15,8 միլիոն անձերու որոնք շարքին 10 միլոն մանուկներ իսկ այս տարուայ համար կազմակերպութիւնը կարիքը ունի 401,7 միլիոն տոլարի որպէսզի կարողանայ հիմնական առօրեայի կարիքները ապահովեն 8,5 միլիոն անձերու, որոնք շարին կան 5,4 միլիոն մանուկներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2024, 10:19