TOPSHOT-PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Ռամատանէն առաջ Կազայի հարցով համաձայնութիւն գոյացնելու աշխուժ ջանքեր

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց «տեղեկութիւններու նկատմամբ Կազա քաղաքի հարաւ-արեւմուտքի մէջ մարդասիրական օժանդակութեան կարաւանի շուրջ մեծ հաւաքի մը մաս կազմող աւելի քան 100 անձերու կեանքերու կորուստին եւ հարիւրաւոր ուրիշներու վիրաւորուելու դէպքի մը, որուն մասնակից եղած են իսրայէլեան ուժերը»:

Եգիպտական պատկերասփիւռի կայան մը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներէն, Քաթարէն եւ պաղեստինեան Համաս շարժումէն ներկայացուցիչներ երէկ հասած են Գահիրէ` Կազայի հարցին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու:

Պաղեստինեան շարժումի փոխնախագահ Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Գահիրէ` Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցելու համար: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդեց պաղեստինցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին սպասուող համաձայնութեան կնքման համար վերջին ճշդումները չեն կատարած, սակայն անոր մօտ են:

Համասէն ղեկավար աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Եթէ Իսրայէլ մեր պահանջներուն ընդառաջէ, ապա յառաջիկայ 24 կամ 48 ժամերուն համաձայնութիւն գոյացնելուն առջեւ ճամբան հարթուած կ՛ըլլայ»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնած են, որ Իսրայէլ որեւէ պատուիրակութիւն Գահիրէ պիտի չուղարկէ, եթէ ողջ եղող իսրայէլացի գերիներու ամբողջական անուանացանկը չստանայ:

Իսրայէլեան աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնեցին. «Գահիրէ պատուիրակութիւն ուղարկելու պատճառ չկայ, որովհետեւ Համաս կառչած կը մնայ իր պահանջներուն»:

Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումէն աղբիւր մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ. «Իսրայէլ դիտաւորեալ կերպով կը խոչընդոտէ Կազայի մէջ կացութեան հանդարտեցման բանակցութիւնները»:

Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր յայտարարած էին, որ Իսրայէլ սկզբունքով ընդունած է զինադադարի հաստատման առաջարկի կէտերը:

Միջնորդները ջանք կը թափեն 10 կամ 11 մարտին սկսող իսլամներու սրբազան ռամատան ամիսէն առաջ շուրջ 5 ամիսէ ի վեր շարունակուող պատերազմին մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնել:

ՄԱԿ–ի Ապահովութեան Խորհուրդը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց «տեղեկութիւններու նկատմամբ Կազա քաղաքի հարաւ-արեւմուտքի մէջ մարդասիրական օժանդակութեան կարաւանի շուրջ մեծ հաւաքի մը մաս կազմող աւելի քան 100 անձերու կեանքերու կորուստին եւ հարիւրաւոր ուրիշներու վիրաւորուելու դէպքի մը, որուն մասնակից եղած են իսրայէլեան ուժերը»:

Ապահովութեան խորհուրդի անդամները շաբաթ երեկոյեան իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ վերահաստատեցին. «Պէտք է տագնապներու բոլոր կողմերը յաւուր պատշաճի յարգեն միջազգային օրէնքը, ներառեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքն ու մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնքը»:

Խորհուրդի անդամները նաեւ կոչ ուղղեցին` Կազայի քաղաքայինները հիմնական ծառայութիւններէ եւ անոնց գոյատեւման համար պէտք եղած մարդասիրական օժանդակութիւններէն զրկելէն ետ կանգնելու` միջազգային մարդասիրական օրէնքի համահունչ կերպով:

Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին, որ Կազայի 2,2 միլիոն բնակիչները սննդեղէնի անվտանգութեան սուր բացակայութեան խիստ մտահոգիչ մակարդակներ պիտի դիմագրաւեն:

Նշենք, որ շաբաթ օր Կազայի մէջ 15 երեխաներ մահացան` «սննդեղէնի եւ ջուրի պակասի պատճառով»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր սկսան զինուորական օդանաւերով սննդեղէն նետել Կազայի վրայ:

Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ 8 զոհեր արձանագրուած են, երբ քուէյթեան «Թաքուին» միութեան մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած բեռնակառքը իսրայէլեան ռմբակոծումի ենթարկած է:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարական ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի շարունակման որեւէ պատրուակ կը մերժենք»: Ժողովը նաեւ յայտնեց. «Կազայի բնակիչները տեղահանելու իսրայէլեան որեւէ քայլ կտրուկ կերպով կը մերժենք:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2024, 08:46