FILE PHOTO: Striking actors reach tentative agreement with Hollywood studios to end strike

Վարդավառը մուտք կը գործէ Տիզնիի աշխարհը

Արդարեւ, Mickey Mouse Funhouse շարքէն հրապարակուած վերջին բաժինը նուիրուած է հայկական աւանդական Վարդավառ տօնին եւ կը կրէ նոյն անունը՝ «Վարդավառ»։ Բացի հայ մշակոյթի ներկայացումէն, անոր մէջ որոշ պահեր նաեւ հայերէն կը խօսուի. Կը տրուի նաեւ Հայաստանէն պատկեր մը։

Իր 101ամեայ պատմութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, Disney ընկերութիւնը իր արտադրութիւններէն մէկուն մէջ տեղ յատկացուցած է հայկական մշակոյթին։

Արդարեւ, Mickey Mouse Funhouse շարքէն հրապարակուած վերջին բաժինը նուիրուած է հայկական աւանդական Վարդավառ տօնին եւ կը կրէ նոյն անունը՝ «Վարդավառ»։ Բացի հայ մշակոյթի ներկայացումէն, անոր մէջ որոշ պահեր նաեւ հայերէն կը խօսուի. Կը տրուի նաեւ Հայաստանէն պատկեր մը։

Այս բաժնին հեղինակը Քաթլին Սարնելի Քապուխճեանն է, որուն ամուսինը հայ է։ Ան կ՛ըսէ, թէ գրած է իրենց զաւակին համար։

«Վարդավառ»ի հակիրճ պատմութիւնը հետեւեալն է՝ Մինին, Միքին եւ անոնց բարեկամները կը հիւրընկալեն հայ աստուածուհի Աստղիկը, որ կը ներկայանայ հայկական աւանդական տարազով։ Ան իջած է իր մոգական տաճարէն եւ ջուր թափելով Մինիին վրայ՝ անոր կը պարգեւէ գեղեցիկ զգեստ մը, որ նոյնպէս հայկական է։ Աստղիկին երկիրը ներկայացուած է Գառնիի տաճարով, Կասկադով…։ Կայ նաեւ անխուսափելի խորովածի դրուագ մը, եւ այլն։

«Վարդավառ»ը, որ այժմ հասանելի է DisneyNow.com կայքին վրայ եւ DisneyNow յաւելուածով,  մօտ ատենէն պիտի սփռուի նաեւ Disney+ կայանէն։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2024, 08:06