Տասը Կուսանաց յիշատակում Անթիլիասի մայրավանքին մէջ
Աւագ Երեքշաբթի, 26 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ «Տասն Կուսանաց» յիշատակի ժամերգութիւնը՝ մասնակցութեամբ Մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցի խումբ մը աշակերտուհիներու։
Տասը կոյսերը խորհրդանշող տասը աշակերտուհիները, իւրաքանչիւրը իր ձեռքին բռնած լապտեր մը, ներկայացան եկեղեցւոյ դաս եւ ներկայացուցին Քրիստոսի երկրորդ գալստեան հինգ պատրաստ (իմաստուն) եւ հինգ անպատրաստ (յիմար) կոյսերը։ Աւետարանական ընթերցումի պահուն, Փեսային երկրորդ գալուստը դիմաւորող կոյսերը վառ պահեցին իրենց լապտերները, իսկ միւսները՝ մարեցին զանոնք։
Այս գեղեցիկ աւանդութեան աւարտին, փոխ լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանի առաջնորդութեամբ եւ Մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ժանին Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ, աշակերտուհիները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մօտ բարձրացան՝ ստանալու համար անոր Հայրապետական օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը հայրական սիրով ընդունեց զանոնք, անոնց խօսեցաւ օրուան պատգամին մասին, գնահատեց Կիրակնօրեայ դպրոցին տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, յորդորեց ծնողները՝ իրենց զաւակներուն քրիստոնէական արժէքներով դաստիարակելու անհրաժեշտութեան գծով եւ յուշանուէրներ տալով՝ օրհնեց ներկաները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ