2023.01.03 Il Catholicos Aram I

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոս Յարեա՛ւ Ի Մեռելոց

Քրիստոսի յարութեան դէպքը թէական նկատող նորադարձ քրիստոնեաներուն Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ` զո՛ւր է մեր քարոզութիւնը, զո՛ւր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14): Քրիստոսի յարութիւնը աղբիւրն է քրիստոնեայ մարդուն հաւատքին, անոր վաւերականութեան ու զօրութեան: Քրիստոսի յարութեան վրայ հիմնուած է եկեղեցին` իբրեւ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը: Քրիստոսի յարութեան հաւատքով կը կենսագործուի եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ամուր հաւատքով շաղախուած ու հոգեւոր ցնծութեամբ լեցուն ա՛յս վկայութեամբ քրիստոնեաներ զիրար կ՛ողջունեն ու աշխարհին կ՛աւետեն հրաշափառ յարութիւնը Աստուծոյ Որդւոյն: Սա սովորական արտայայտութիւն մը չէ, այլ քրիստոնէական կրօնին էութիւնը կազմող հաւատքի վկայութիւն մը` պատմական անհերքելի իրողութեան վրայ հաստատուած: Արդարեւ, հաւատքի այս վկայութեամբ առաքեալներ Երուսաղէմէն դուրս հին աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ, նաեւ` Հայաստանի, խաչեալ, թաղեալ ու յարուցեալ Քրիստոսը քարոզեցին եւ եկեղեցիներ հիմնեցին: Հաւատքի ա՛յս վկայութեամբ հզօրացած, եկեղեցին քաջութեամբ դիմագրաւեց պատմութեան բոլոր արհաւիրքները:

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը հինգ յիշեցումներ կը կատարէ: Յիշեցումներ, որոնք պէտք է արմատանան մեր կեանքին մէջ.

Առաջին, Քրիստոսի յարութիւնը առա՛նցքն է մեր հաւատքին:

Քրիստոսի յարութեան դէպքը թէական նկատող նորադարձ քրիստոնեաներուն Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ` զո՛ւր է մեր քարոզութիւնը, զո՛ւր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14): Քրիստոսի յարութիւնը աղբիւրն է քրիստոնեայ մարդուն հաւատքին, անոր վաւերականութեան ու զօրութեան: Քրիստոսի յարութեան վրայ հիմնուած է եկեղեցին` իբրեւ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը: Քրիստոսի յարութեան հաւատքով կը կենսագործուի եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:

Երկրորդ, Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանա՛կն է կեանքին:

Եկեղեցին շարականներուն ու աղօթքներուն ճամբով Քրիստոսի յարութիւնը կը բնորոշէ իբրեւ յաղթանակ` մահուան դէմ: Մահը, այլ խօսքով` չարը, մեղքն ու սատանան, ըլլալով մարդու փրկութեան դիմաց կանգնող արգելք, Քրիստոս իր մահով յաղթեց մահուան, «մահուամբ զմահ կոխեաց» եւ իր խաչով յարութիւն կերտեց: Առաքեալը կը հաստատէ, որ Քրիստոս իր յարութեամբ «մեզի յաղթանակ պարգեւեց» (Ա.Կր 15.57): Այդ յաղթանակը յաւիտենական կեանքի յաղթանակն է մահուան դէմ:

Երրորդ, Քրիստոսի յարութիւնը երաշխի՛ք է մարդու յարութեան:

Առաջին Ադամով մահը մուտք գործեց աշխարհ, իսկ երկրորդ Ադամով, Քրիստոսով` յարութեան յոյսով շաղախուած կեանքը: Այլ խօսքով, «ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ՛առնէ մեռելներու յարութիւնը» (Ա.Կր 15.21): Քրիստոս իր յարութեամբ մարդը մահուան տիրապետութենէն ազատագրեց եւ յարուցեալ կեանքի յոյսը տուաւ. «Քանի մենք մեռանք Քրիստոսի հետ, կը հաւատանք, թէ նաեւ անոր հետ պիտի ապրինք» (Հռ 6.8), նորոգեալ կեանքով` իբրեւ մահէն կեանքի եկած ու Քրիստոսի միացած մարդեր: Հետեւաբար, Քրիստոսի միանալով, ինչպէս իրեն հետ թաղուեցանք, նոյնպէս իրեն հետ յարութիւն կ՛առնենք հոգեւորապէս, իսկ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին, մեռելներէն` մարմնապէս: Արդարեւ, յարուցեալ Քրիստոս համայն մարդկութեան կը ներկայանայ «իբրեւ առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան» (Ա.Կր 15.20):

Չորրորդ, Քրիստոսի յարութիւնը յիշեցո՛ւմ է ուղղուած մեր ժողովուրդին:

Յիշեցում, որ Քրիստոսի յարութեան առաջին հաւատացող ժողովուրդը եղանք: Յարութեան հաւատքը մեր կեանքին հետ շաղախեցինք: Անո՛վ հզօրացած դիմագրաւեցինք պատմութեան հալածանքներն ու ցեղասպանութիւնները: Անո՛վ պայծառակերպուած ստեղծեցինք ու վերստեղծեցինք, շինեցինք ու վերաշինեցինք` հակառակ մեզ շրջապատող դժոխային պայմաններուն: Անո՛վ գօտեպնդուած վերականգնեցանք ու վերակազմակերպուեցանք եւ վերակերտեցինք մեր հայրենիքը: Քրիստոսի յարութիւնը եղաւ մեր տառապալից կեանքը յարութեան շունչով ու ոգիով, հաւատքով ու տեսլականով հզօրացնող երկնային ուժ:

Հինգերորդ, Քրիստոսի յարութիւնը նաեւ պատգա՛մ է ուղղուած մեր ժողովուրդին:

Պատգամ` հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի յարութեան խորհուրդին եւ զայն իրենց հաւատքի կեանքով ու առաքելութեամբ թարգմանած մեր հայրերու սրբազան կտակին: Նաեւ հեռո՛ւ մնալու քրիստոնէական արժէքները նսեմացնող կենցաղակերպերէ ու գործելակերպերէ: Հեռո՛ւ վանելու մեզ շրջապատող չարերն ու չարիքները: Պատգամ` մերժելու խաւարն ու բացուելու լոյսին, մերժելու վհատութիւնն ու փարելու յոյսին, մերժելու մահն ու կառչելու կեանքին: Արդ, սիրելի՛ հայորդիներ, զիրար ողջունենք մեզ շրջապատող տագնապները հաւաքաբար յաղթահարելու յարութեան հաւատքով: Զիրար ողջունենք Քրիստոսի յարութեան յաղթանակին մասնակից դառնալու յանձնառութեամբ, ինչպէս դարեր շարունակ մասնակից դարձանք Քրիստոսի խաչի ճանապարհին: Չմոռնանք երբեք, որ «Քրիստոս մեզի համար մեռաւ, որպէսզի մենք իրմով կենդանի ըլլանք» (Ա.Թս 5.10):

* * *

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն: Կ՛ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը, իրենց մաղթելով բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ազգին զաւակները, որպէսզի կարենանք, Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգել մեր կեանքը եւ դիմագրաւել ներկայ ժամանակներու բազմազան մարտահրաւէրները:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ 2024
Անթիլիաս, Լիբանան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2024, 10:11