Որոնել

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան  Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի փոխատենապետ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի փոխատենապետ 

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի փոխատենապետ

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Ժընեւի մէջ յանձնախումբի նիստին դասախօսութիւն մը տուաւ “Global Governance: Challenges and Emerging Geopolitical Trends” նիւթին շուրջ:

Չորս օրերէ ի վեր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) կեդրոնատեղիին (Ժընեւ, Զուիցերիա) մէջ տեղի կ՛ունենայ Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի հանդիպումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ յանձնախումբի իբրեւ լիիրաւ անդամ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Յայտնենք, որ այս յանձնախումբը ԵՀԽ-ի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ կը զբաղի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ միջազգային հարցերով:

Յանձնախումբի երէկուան նիստին փոխատենապետ ընտրուեցաւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ վերջին տասը տարիներուն անդամ էր նոյն խորհուրդին եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր անոր աշխատանքներուն մէջ: Յանձնախումբի ատենապետն է դոկտ. Մաթիուս Ճորճ, որ մօտէն ծանօթ է վեհափառ հայրապետին եւ ընդհանուր քարտուղարն է Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին:

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Ժընեւի մէջ յանձնախումբի նիստին դասախօսութիւն մը տուաւ “Global Governance: Challenges and Emerging Geopolitical Trends” նիւթին շուրջ:

Յայտնենք, որ դոկտ. Պայրագտարեան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովին եւ քաղաքական գիտութեան դասախօս` Պէյրութի ամերիկեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան պետական համալսարաններուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2024, 08:49