Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի փոխատենապետ
Չորս օրերէ ի վեր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) կեդրոնատեղիին (Ժընեւ, Զուիցերիա) մէջ տեղի կ՛ունենայ Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի հանդիպումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ յանձնախումբի իբրեւ լիիրաւ անդամ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Յայտնենք, որ այս յանձնախումբը ԵՀԽ-ի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ կը զբաղի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ միջազգային հարցերով:
Յանձնախումբի երէկուան նիստին փոխատենապետ ընտրուեցաւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ վերջին տասը տարիներուն անդամ էր նոյն խորհուրդին եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր անոր աշխատանքներուն մէջ: Յանձնախումբի ատենապետն է դոկտ. Մաթիուս Ճորճ, որ մօտէն ծանօթ է վեհափառ հայրապետին եւ ընդհանուր քարտուղարն է Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին:
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Ժընեւի մէջ յանձնախումբի նիստին դասախօսութիւն մը տուաւ “Global Governance: Challenges and Emerging Geopolitical Trends” նիւթին շուրջ:
Յայտնենք, որ դոկտ. Պայրագտարեան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովին եւ քաղաքական գիտութեան դասախօս` Պէյրութի ամերիկեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան պետական համալսարաններուն մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ