Յոռետեսը վարդի գեղեցկութիւնը տեսնելու փոխարէն՝ անոր փուշերը կը հաշուէ
Մարդիկ կ՝ապրին այնպիսի աշխարհի մէջ, որ կը ստեղծեն իրենք իրենց համար։ Ամէն ինչ կախուած է իրենց գլխուն մէջ եղած մտքերու վիճակէն։»
Կան մարդիկ, որոնք դժբախտ են իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ։ Այդպիսի մարդոց մօտ խելքի որոշակի որակը ամէն ինչ կը վերածէ դժբախտութեան։ Եթէ դուք անոնց պատմէք վարդի գեղեցկութեան մասին, անոնք անմիջապէս կը սկսին հաշուել անոր փուշերը։ Եթէ դուք անոնց ըսէք, որ հիանալի առաւօտ է, անոնք զարմացած կը նային ձեզի ու կ’ըսեն. «Ընդամէնը մէկ ցերեկ՝ երկու մութ գիշերներու միջեւ… Եւ ի՞նչ կայ այստեղ հիասքանչ։ Ինչո՞ւ այդքան հմայուած էք իրմով»։
Բայց կարելի է նոյն փաստին նայիլ դրական դիրքերէ։ Եւ այդ ժամանակ պիտի տեսնէք, որ իւրաքանչիւր գիշերը շրջապատուած է երկու ցերեկով։ Եւ, ով հրաշք, վարդը գեղեցիկ է անգամ այդքան փուշերու մէջ։
Ամէն ինչ նոյնն է, ամէն բան նախկինի պէս է։ Ամէն ինչ կախուած է ձեր գլխուն մէջ եղած մտքերէն։
Միլիոնաւոր մարդիկ ինքնակամ իրենց վրայ կը դնեն մեծ բեռ։ Հասկնալի է, որ անոնց ողջ կեանքը մեծ բեռ է։ Այդպիսին է անոնց մօտեցումը. անոնք կը կեդրոնանան ամէն բացասականի վրայ։ Անոնք կը չափազանցեն ժխտականը։ Ատիկա կեանքի նկատմամբ անառողջ վերաբերմունք է։ Բայց անոնք կը շարունակեն դատել հետեւեալ կերպով. «Ի՞նչ կրնանք ընել։ Այդպիսին է աշխարհը…»։
Ոչ, աշխարհթը այդպիսին չէ։ Աշխարհը բացարձակապէս չէզոք է։ Այնտեղ կան վարդեր եւ փուշեր, գիշերներ եւ ցերեկներ։ Այստեղ հարցը ձեր մէջ է, եւ դուք կ՝որոշէք, թէ որ մէկը պէտք է ընտրել։ Եթէ դուք որոշած էք ընտրել վատ կողմը, ուստի դուք պիտի ապրիք այս աշխարհին մէջ այնպէս, ինչպէս որ ընտրած էք, եւ պիտի գտնուիք ձեր իսկ ընտրած աշխարհին մէջ։ Այսպիսով, մարդիկ նոյն Երկիր մոլորակին վրայ կը ստեղծեն ե՛ւ դրախտը, ե՛ւ դժոխքը։
Կայ երկու հնարաւորութիւն։ Քաղաքական միտքը կ՝ըսէ «Փոխէ աշխարհը», իսկ կրօնական միտքը՝ «Փոխէ մտքերուդ վիճակը»։ Կրօնն ու քաղաքականութիւնը տրամագծօրէն հակադիր բաներ են։ Հաւանականութիւն կայ, որ օր մը գիտութիւնն ու կրօնը պիտի միաւորուին, քանի որ կեանքի հանդէպ անոնց մօտեցումները չափազանց մօտ են։ Հաւանաբար անոնք սոսկ մղուած են տարբեր կողմեր. գիտութիւնը կը հետազօտէ արտաքինը, իսկ կրօնը՝ ներքինը։ Իրականութեան մէջ, պէտք է փոխել միայն մէկ բան՝ մեր մտքերու բովանդակութիւնը, մեր խելքի բնոյթը։
Միշտ յոյս դրէք ու յենուեցէք մտքի երջանիկ վիճակին վրայ… Թող ատիկա դառնայ ձեր կեանքի ամենաանկիւնաքարային օրէնքներէն մէկը։ Նոյնիսկ որեւէ ժխտական բանի հետ բախելով՝ անոր մէջ որեւէ դրական բան գտէք։ Եւ այն օրը, երբ դուք սորվիք ժխտականի մէջ դրականը գտնել՝ պիտի պարէք ուրախութենէն։
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ