Մարդու իրաւունքներու խախտման մասին զեկոյցին մէջ կայ նաեւ Թուրքիոյ անունը
Նիւ Եորք գտնուող Մարդու իրաւունքներու հետազօտութեան կազմակերպութիւնը (HRW) հրապարակած է «Քեզ պիտի գտնենք. համաշխարհային դիտարկում մը այն մասին, թէ պետութիւնները արտերկրի մէջ գըտնուող իրենց քաղաքացիներուն վրայ ինչպէ՛ս ճնշում կը բանեցնեն» վերնագրով զեկոյց մը:
Զեկոյցին մէջ առկայ պետութիւններու շարքին է նաեւ Թուրքիան:
Ընդհանուր առմամբ 46 էջէ բաղկացած զեկոյցը որակուած է որպէս հետազօտութիւն, ուր մարդու իրաւունքները կը քննուին այն տեսանկիւնէն, թէ կառավարութիւնները ինչպէ՛ս թիրախ կը դարձնեն արտերկրի մէջ գըտնուող իրենց հակառակորդները, ընդդիմադիրները եւ քաղաքական մրցակիցները:
HRW-ը զեկոյցին մէջ կը յայտնէ նաեւ, որ թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հրապարակէ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութեան (MIT) կողմէ արտերկրի մէջ իրականացած գործողութիւններու հետեւանքով Թուրքիա վերադարձուած անձերու մասին:
Գերմանական «Deutsche Welle» (DW) պետական կայքի թրքերէն հրապարակաշարին նմանատիպ դէպքերով առանձնացուած է 20 պետութիւն, որուն մէջ Թուրքիան եւս առկայ է:
Թուրքիոյ մասին «առեւանգումներ եւ բռնի անհետացումներ» բաժինին մէջ գրուած է.
«Ակնյայտ է, որ թրքական կառավարութիւնը կը հետեւի «կիւլենական շարժումին» հետ կապ ունենալու մէջ կասկածելի եւ արտերկիր գտնուող թուրք քաղաքացիներուն»:
Աղբիւրը՝ Գանձասար
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ