Որոնել

Հռոմի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Իտալիա ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը Հռոմի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Իտալիա ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը 

Հռոմի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Իտալիա ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը

19էն 20 Մարտին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Իտալիա պաշտպանական խորհրդակցութիւններ:

19էն 20 Մարտին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Իտալիա պաշտպանական խորհրդակցութիւններ: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան:

Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական վարչութեան՝ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ընդհանուր հրամանատարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկեց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները:

Այվազեան ներկայացրուց Հայաստանի շուրջ ստեղծուած ապահովական իրավիճակը եւ զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումները:

Խորհրդակցութիւններու աւարտին, ստորագրուեցաւ Հայաստան-Իտալիա ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը, եւ ձեռք բերուեցան շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2024, 08:30