Հռոմի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Իտալիա ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը
19էն 20 Մարտին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Իտալիա պաշտպանական խորհրդակցութիւններ: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական վարչութեան՝ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ընդհանուր հրամանատարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկեց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները:
Այվազեան ներկայացրուց Հայաստանի շուրջ ստեղծուած ապահովական իրավիճակը եւ զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումները:
Խորհրդակցութիւններու աւարտին, ստորագրուեցաւ Հայաստան-Իտալիա ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը, եւ ձեռք բերուեցան շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ