Գերութենէն տառապող անձ Գերութենէն տառապող անձ  (AFP or licensors)

ԻՒՆԻՍԵՖ. Գէրութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օր, հինգ տարեկանէն վար 37 միլիոն մանուկներ կը տառապին աւելորդ կշիռքէն։

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի յայտարարութիւնը. Բաւարար սնունդը իւրաքանչիւր երեխայի համար հիմնական մարդկային իրաւունք է եւ աւելի առողջ ապագայ տանող ուղի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 4 մարտ 2024ին, կը նշուի գերութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրը։ Այս կապակցութեամբ, ԻՒՆԻՍԵՖԸ յայտարարութեամբ մը յիշել կու տայ, որ 2022 թուականին, հինգ տարեկանէն վար աւելի քան 37 միլիոն մանուկներ կը տառապին գերութենէն, որ կը համապատասխանէ աշխարհի մէջ մանուկներուն 5,6% տոկոսը։

Բարձր եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ, որոնց մէջ կը բնակին հինգ տարեկանէն վար աշխարհի 31 առ հարիւր մանուկները, անոնց 48 տոկոսը կը տառապին աւելորդ կշիռքէն։ Եւրոպայի մէջ 2022 թուականին, հինգ տարեկանէն վար 8,7 տոկոս մանուկները կը տառապին գերութենէն։

«Եւրոպայի մէջ մանուկներու իրավիճակը» վերջին զեկոյցին համաձայն, գերութեան եւ աւելորդ կշիռքի դէպքերը դարձած են մեծ մտահոգութիւն Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ։

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ բաւարար սնունդը իւրաքանչիւր երեխայի համար հիմնական մարդկային իրաւունք է եւ աւելի առողջ ապագայ տանող ուղի։ Սակայն ցաւօք սիրտի սնունդի միջավայրը ուր այսօր կ՝ապրին միլիոնաւոր մանուկները կը ներկայացնէ աճող վտանգ մը երեխաներուն առողջապահութեան եւ բարօրութեան համար։ Միլիոններով մանուկներ այսօր չափեն աւելի կ՝ուտեն սխալ սնունդ ինչ, որ կը նպաստէ մանուկներուն աւելի կշիռքի եւ գերութեան արագ աճումին եւ ինչ որ կը յանգեցնէ առողջապահական լուրջ երկարաժամկէտ խնդիրներուն։

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի յայտարութեան մէջ կ՝ընդգծուի, որ Հնարաւորութիւնը ունինք փոխակերպելու սնունդի համակարգերը եւ ապահովուելու, որ բոլոր երեխաները՝ անկախ իրենց բնակութեան վայրէն ունենան աւելի առողջ եւ աւելի սննդարար ընտրանքներ, որոնք կը նպաստեն անոնց ֆիզիքական եւ մտաւոր բարեկեցութեան։

Ի վերջոյ յայտարարութեան մէջ հրամայական կը նկատուի նաեւ գերութեան եւ աւելորդ կշիռքի վերաբերեալ կարեկից երկխօսութիւն սկսիլը  ու կը զգուշացուի, որ անհատները իրենց կշիռքիի համար մեղադրելը հակարդիւնաւէտ է եւ կրնայ  բացասական հետեւանք ունենալ գերութեան մէջ ապրող երեխաներուն հոգեկան եւ մարմնական առողջութեան վրայ։

«Պարտաւոր ենք ամէն ինչ ընելու նպաստաւոր միջավայր ստեղծելու եւ գերութեան կարծիքները փոխելու համար» Նշուած Է ԻՒՆԻՍԵՖ-ի յայտարարութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2024, 12:17