Մարոնի եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Կը մերժենք Լիբանանը Իսրայէլեան-Պաղեստինեան պատերազմին մէջ ներքաշել»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ մարոնի եպիսկոպոսները կը գնահատեն այն շարժումը, որ կը կատարուի երեսփոխաններու եւ պլոքներու, ինչպէս նաեւ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերող անձնաւորութիւններու կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին նախագահական ընտրութիւն կատարել:
Մարոնի եպիսկոպոսները մաղթեցին, որ այդ շարժումը հանդիպի նաեւ դիւանագիտական արտաքին ջանքերուն, որոնք նոյն նպատակին կը ծառայեն:
Մարոնի եպիսկոպոսները մերժեցին Լիբանանը իսրայէլեան-պաղեստինեան պատերազմին մէջ ներքաշել` նկատել տալով, որ այդ պատերազմին իրենք զիրենք զերծ կացուցած են արաբական երկիրները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը լիբանանեան տեղական ուժերէն պահանջեց վտանգը հեռացնել հարաւային Լիբանանի բոլոր բնակիչներէն, անկախ անոնց քաղաքական ուղղուածութենէն եւ կրօնական դաւանանքէն:
Մարոնի եպիսկոպոսները զգուշացուցին հարաւային սահմանագիծի բախումները ուղղակիօրէն առնչել այնպիսի գործարքներու, որոնք Լիբանանի գերիշխանութեան, անոր ջրային ու նաւթային հարստութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհագրական իրաւունքներուն կը դպչին: Մարոնի եպիսկոպոսները այս իմաստով ընդգծեցին, որ լիբանանեան որեւէ բանակցութիւն հանրապետութեան նախագահին պարտականութիւնն է, եւ անոր բացակայութեան նման բանակցութիւնները պէտք է սառեցուին:
Մարոնի եպիսկոպոսները ցաւ յայտնեցին լիբանանեան պետութեան պարզած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին վաւերացուցած պետական ամավարկին համար, որ լիբանանցիներուն համար անիրաւութիւն է:
Անոնք կոչ ուղղեցին կառավարութեան եւ խորհրդարանին լուծելու այս հարցը նախքան անհնազանդութեան ալիքին սկսիլը եւ ընդհանուր կացութեան դէմ սպառնալիքի վերածուիլը:
Մարոնի եպիսկոպոսները անդրադարձան նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութեան եւ տուեալ շրջաններուն մէջ արձանագրուած ապահովական սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ներկայութեան պատճառով ամբողջ երկրին վրայ պարտադրուած նիւթական հսկայ բեռին:
Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելով Լիբանանի ինքնութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը վտանգի ենթարկուած են:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ