2024.04.06 2024.04.06 Quartiere Armeno di Gerusalemme

Երուսաղէմի Հայ համայնքին կոչը՝ միջազգային հանրութեան

Հակառակ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին կողմէ յարուցուած շարունակական դատական գործընթացներուն՝ «Կովերու պարտէզ»ին անօրինական գործարքը չեղեալ յայտարարելուն գծով, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այժմ միացած է իսրայէլացի վերաբնակներուն, որոնք գործնականօրէն կը սրեն լարուածութիւնը եւ կը փորձեն տեղւոյն վրայ ուժով փոխել իրողութիւնը: Ըստ այնմ, խիստ վտանգուած է Երուսաղէմի մեր 1600ամեայ ներկայութիւնը:

Մենք՝ Երուսաղէմի հայ համայնքի հասարակական, բարեգործական, երիտասարդական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ, անշուշտ, SavetheArQ շարժման ներկայացուցիչներս, հրատապ կոչով կը դիմենք միջազգային հանրութեան՝ խնդրելով մեր համայնքին համար խիստ վճռորոշ այս պահուն աջակցելու Երուսաղէմի պատմական Հայկական թաղամասը պաշտպանելու գործին։ Իսրայէլի ոստիկանութեան վերջին գործողութիւնները վտանգաւոր նշաձող աւելցուցին, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող սպառնալիքներուն, որոնց մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք։

Հակառակ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին կողմէ յարուցուած շարունակական դատական գործընթացներուն՝ «Կովերու պարտէզ»ին անօրինական գործարքը չեղեալ յայտարարելուն գծով, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այժմ միացած է իսրայէլացի վերաբնակներուն, որոնք գործնականօրէն կը սրեն լարուածութիւնը եւ կը փորձեն տեղւոյն վրայ ուժով փոխել իրողութիւնը: Ըստ այնմ, խիստ վտանգուած է Երուսաղէմի մեր 1600ամեայ ներկայութիւնը: Հայոց պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին պատմական գոյութիւնը այժմ վտանգի տակ է։

Որպէսզի պարզ դառնայ բոլորին՝ մենք միասնական ձայնով կը յայտարարենք, որ «Կովերու պարտէզ»ին գծով ստորագրուած գործարքը չեղարկուած է. անիկա մեր գոյութիւնը կը վտանգէ իբրեւ համայնք եւ կը խախտէ մեր սեփականութեան իրաւունքները։

Մենք միջազգային հանրութենէն կը խնդրենք՝ ճանչնալ Երուսաղէմի մեր մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան նշանակութիւնը եւ կանգնիլ մեր կողքին՝ ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմի հայութեան գոյութեան իրաւունքին: Հայկական թաղամասը զուտ աշխարհագրական տեղանուն չէ. անիկա մեր մնայուն ներկայութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշն է: Անոր նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն ոչ միայն կը վտանգէ մեր համայնքին եւ պատրիարքարանին իրաւունքները, այլեւ կը սպառնայ ոչնչացնել «Հին քաղաքի» խճանկարը:

 Մենք բոլոր շահագրգիռ կողմերուն, ներառեալ՝ պետութիւններու ղեկավարներուն, դիւանագիտական առաքելութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն կոչ կ՛ընենք՝ բարձրացնելու գոյութեան այս սպառնալիքի հանրային հնչեղութիւնը, համախմբուիլ եւ մեզի հետ համերաշխութեամբ առաւելագոյն ջանքեր գործադրել՝ կասեցնելու յետագայ ոտնձգութիւնները հայկական կալուածներու նկատմամբ եւ պահպանելու Հայկական թաղամասի ներկայ իրավիճակը՝ Status quo-ն։

Մենք համապատասխան բոլոր կողմերուն յատուկ կոչ կ՛ընենք՝ ճնշում գործադրելու Իսրայէլի ոստիկանութեան վրայ՝ դադրեցնելու իր անմիջական օգնութիւնը, խթանումը եւ նոյնիսկ իսրայէլացի վերաբնակներու ուղեկցումը, որոնք կը փափաքին բռնի ոտնձգութիւն կատարել «Կովերու պարտէզ»ին, Հայկական թաղամասին եւ հայ համայնքին նկատմամբ։ Մենք նաեւ կոչ կ՛ընենք բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են Երուսաղէմի ամբողջականութեան, իր պատմութեան եւ բոլոր համայնքներու կենսունակութեան պահպանումով՝ պահանջելու, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պարտաւորեցնէ տեղւոյն ոստիկանութեան չ՛օգնելու, չխթանելու եւ նոյնիսկ չգլխաւորելու ընկերութեան յարձակումը հայ համայնքին վրայ, չբռնագրաւելու Հայկական թաղամասի եւ համայնքի թանկարժէք կալուածը։

Անոնք զինուած են։ Մենք՝ ոչ։ Պէտք է գերիշխէ օրէնքի գերակայութիւնը, ոչ թէ իսրայէլացի վերաբնակներու ապօրինի եւ ուժային ոտնձգութիւնները՝ աջակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան։ Մեր ֆիզիքական անվտանգութիւնը, իրաւական գործընթացները եւ Status quo-ն պէտք է պաշտպանուած ըլլան:

 Այս պահուն, Իսրայէլի ոստիկանութեան եւ վերաբնակներու ձեռնարկած գործողութիւններուն պատճառով, բոլորը վտանգուած են: Մեր ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ պահպանումը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաեւ յարգանքի, հանդուրժողականութեան եւ մշակութային բազմազանութեան ընդհանուր արժէքներու վկայութիւն, որոնք պէտք է պահպանուին Երուսաղէմի մէջ:

Հայոց Թաղի Պահպանութեան եւ Պաշտպանութեան Շարժում
Երուսաղէմի Հայկական Բարեսիրական Միութիւն
Հայ Երիտասարդաց Միութիւն – ՀԵՄ
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն – ՀՄԸՄ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն – ՀՅԴ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն – ՌԱԿ
Հայ Օգնութեան Միութիւն – ՀՕՄ


ՀԱՅՈՑ ԹԱՂ, ՀԻՆ ՔԱՂԱՔ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
5 ԱՊՐԻԼ 2024

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2024, 08:10