Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ-Օքամփոյի
Ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ անոր առաջին դատախազ (2003-2012) դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային քրէական դատարան ներկայացնելու կարելութիւններուն:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դատախազին ընկերացող Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան:
Հանդիպումէն ետք անոնք ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին:
Յայտնենք, որ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ Անթիլիաս կը գտնուի վեհափառ հայրապետին հրաւէրով. երէկ գիշեր ան հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ եւ այսօր առաւօտ ներկայ պիտի գտնուի Արցախի նուիրուած համագումարի առաջին նիստին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ