Ռուս խաղաղապահներու Արցախէն դուրսբերման հոլովոյթը սկսաւ
Սկսած է բռնագրաւեալ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման հոլովոյթը: Այս մասին հաղորդեց Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
ԱՓԱ նախապէս հաղորդած էր, որ ռուս խաղաղապահներու անձնակազմն ու սպառազինութիւնը դուրս բերուած են Դադիվանքի համալիրէն, եւ Դադիվանքը 15 ապրիլէն «կը հսկուի Ազրպէյճանի ոստիկանութեան կողմէ»:
«Այսպիսով, մեկնարկած է Ազրպէյճանի տարածքէն ռուսական խաղաղապահ զօրամասի դուրսբերման հոլովոյթը», կ՛աւելցնէ Ազրպէյճանի պետական լրատու գործակալութիւնը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի Ականազերծման պետական գործակալութեան ղեկավար Վուկար Սուլէյմանով շուրջ 10 օր առաջ յայտարարած էր. «Կը ծրագրուի ռուս խաղաղապահները ներգրաւել բռնագրաւումէն ազատագրուած Ազրպէյճանի տարածքներու ականազերծման հոլովոյթին մէջ»:
Դիւանագիտական աղբիւր մը «Նիուզ»-ին յայտնած է, թէ բռնագրաւեալ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերումը կը կատարուի փուլերով` հաստատելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու Արցախէն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման սկիզբի մասին տեղեկութիւնները:
«Զօրախումբի դուրսբերումը կը կատարուի փուլերով` Տաղստանի ճամբով», ըսած է դիւանագիտական աղբիւրը: Դուրսբերման աւարտի ժամկէտը տակաւին չի հաղորդուիր:
Քրեմլին երէկ հաստատեց բռնագրաւեալ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման մեկնարկը: «Ազատութիւն» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով այդ մասին լրագրողներու հարցումին պատասխանելով ըսած է. «Ատիկա իրօք այդպէս է»:
Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ «ռուս խաղաղապահներու վաղաժամ դուրսբերման որոշումը ընդունուած է երկու երկիրներու ղեկավարութեան կողմէ»:
«10 նոյեմբեր 2020-ին կնքուած եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ, երկու երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ մեր երկրի տարածքին մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու վաղաժամ դուրսբերման մասին որոշում տրուած է: Այդ գործընթացը արդէն իսկ սկսած է: Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները անհրաժեշտ միջոցներուն կը ձեռնարկեն որոշումը իրագործելու համար», նշեց Հաճիեւ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ