Որոնել

2024.04.11 Concerto di canti religiosi armeni nella Chiesa di Salonicco

Հոգեւոր համերգ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եր­գե­րէն կա­տա­րե­ցին՝ ­Կո­մի­տա­սեան «­Սուրբ, ­Սուրբ»ը եւ ­Վա­հան ­Թէ­քէեա­նի «Ա­նոնց ­հա­մար»ը։

Չո­րեք­շաբ­թի, 3 Ապ­րիլ 2024-ին, ժա­մը 20:00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ­Քա­լա­մա­րիայի եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րան­նե­րու եր­կու երգ­չա­խում­բե­րուն, հո­գե­ւոր հա­մերգ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ հո­գե­ւոր հո­վիւ Հայր սուր­բին, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Հ. ­Հիւ­պա­տո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, ինչ­պէս նաեւ հայ եւ յոյն հան­դի­սա­տես­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան։

­Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեա­ն, որ ը­սաւ, թէ հա­մեր­գը կը մի­տի ո­գե­կո­չել ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սուած նա­հա­տակ­նե­րը։ Ա­պա հա­մայն­քին ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց եր­կու շրջան­նե­րու ­Մետ­րո­պո­լիտ­նե­րուն, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­ցին մեր ա­ռա­ջար­կին եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­ցան։

Ա­պա, երգ­չա­խում­բե­րը ներ­կա­նե­րուն հրամ­ցու­ցին հայ­կա­կան, յու­նա­կան եւ այլ լե­զու­նե­րով շա­րա­կան­ներ ու հո­գե­ւոր եր­գեր։

Ն­շենք, որ հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եր­գե­րէն կա­տա­րե­ցին՝ ­Կո­մի­տա­սեան «­Սուրբ, ­Սուրբ»ը եւ ­Վա­հան ­Թէ­քէեա­նի «Ա­նոնց ­հա­մար»ը։

­Հո­գե­պա­րար հա­մեր­գին ա­ւար­տին, ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան, հա­մայն­քին ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց երգ­չա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րուն եւ գնա­հա­տեց զա­նոնք։

Յաջորդաբար, յու­շա­նո­ւէր­ներ փո­խան­ցո­ւե­ցան երգ­չա­խում­բե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն։

Հա­մեր­գէն ետք, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

Աղբիւրը «Ազատ օր»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2024, 07:36