Հոգեւոր համերգ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2024-ին, ժամը 20:00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, համագործակցութեամբ Քալամարիայի եւ Քալամաթայի քաղաքապետարաններու երկու երգչախումբերուն, հոգեւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ, ներկայութեամբ՝ հոգեւոր հովիւ Հայր սուրբին, Թաղային խորհուրդի ատենապետին, Թեսաղոնիկէի Հ.Հ. Հիւպատոսի ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ հայ եւ յոյն հանդիսատեսներու հոծ բազմութեան։
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Պետրոս Հալաճեան, որ ըսաւ, թէ համերգը կը միտի ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակները։ Ապա համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց երկու շրջաններու Մետրոպոլիտներուն, որոնք ընդառաջեցին մեր առաջարկին եւ համագործակցեցան։
Ապա, երգչախումբերը ներկաներուն հրամցուցին հայկական, յունական եւ այլ լեզուներով շարականներ ու հոգեւոր երգեր։
Նշենք, որ հայկական հոգեւոր երգերէն կատարեցին՝ Կոմիտասեան «Սուրբ, Սուրբ»ը եւ Վահան Թէքէեանի «Անոնց համար»ը։
Հոգեպարար համերգին աւարտին, Պետրոս Հալաճեան, համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց երգչախումբերու անդամներուն եւ գնահատեց զանոնք։
Յաջորդաբար, յուշանուէրներ փոխանցուեցան երգչախումբերու ղեկավարներուն։
Համերգէն ետք, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։
Աղբիւրը «Ազատ օր»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ