Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Օմանի մէջ արտակարգ առատութեամբ անձրեւներ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային օդերեւութաբանական կեդրոնը յայտնեց, որ երեքշաբթի օր երկրին մէջ վերջին 75 տարուան մէջ ամէնէն առատ անձրեւները տեղացած են: Այս մասին կը յայտնէ էմիրաթական կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Կեդրոնին տուեալներով` Ապու Տապիի էմիրութեան արեւելքը գտնուող Այն քաղաքին մէջ, ուր տեղակայուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կլիմայական եւ տեղեկատուական եղանակային կայանը, նուազ քան 24 ժամուան ընթացքին 254,8 միլլիմեթր անձրեւ տեղացած է:
«Երկիրը իր կլիմայական պատմութեան մէջ բացառիկ իրադարձութեան ականատես եղած է», կը նշուի «Էքս»-ի վրայ հրապարակուած զեկուցումին մէջ:
Օմանի մէջ առատ անձրեւին պատճառով յառաջացած ողողումները պատճառեցին 18 զոհեր, որոնց շարքին 9 դպրոցականներ եւ անոնց վարորդը:
Օմանի մէջ ամէնէն շատ վնաս կրեց Շարքիէ շրջանը:
Անձրեւներ տեղացին նաեւ Պահրէյնի, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ