«Լեմքին» Հիմնարկը կոչ կ՛ընէ՝ Երուսաղէմի հայերու իրաւունքները յարգելու
«Լեմքին» հիմնարկը Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի «Կովերի պարտէզ» տարածին մէջ հայերու դէմ գործադրուած բռնութեան դէպքերուն առնչութեամբ յայտարարութիւն մը տարածեց՝ շեշտելով, որ «խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի մէջ հայկական մշակոյթի վերջին յենակէտը հանդիսացող թաղամասին մէջ հայերու շարունակական հետապնդումներուն»:
«Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի շարունակական սադրանքներուն լոյսին տակ, (Երուսաղէմի) այս յարձակումը Հայաստանի ինքնավարութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը վտանգելու այլ փորձ մըն է: Ատրպէյճանէն մինչեւ Իսրայէլ ցեղասպան վարչակարգերուն մօտ հայատեացութեան մակարդակը տագնապ կը յառաջացնէ, հայերը մնայուն վտանգի տայ պահելով: Իր հողը եւ ժառանգութիւնը պահպանելու հայ համայնքին վճռականութիւնը լայն աջակցութիւն ստացած է տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Իբրեւ պատասխան Xana Gardens-ի («Կովերի պարտէզ»ը գրաւել փորձող ընկերութեան) եւ անոր գործընկերներուն կողմէ շարունակուող ահաբեկման մարտավարութեան՝ հայերը զարմանալի տոկունութիւն եւ համերաշխութիւն ցուցաբերեցին՝ կազմակերպելով բողոքի ցոյցեր, մնայուն ներկայութիւն պահպանելով խնդրոյ առարկայ տարածքին մէջ՝ հակառակ Իսրայէլի իշխանութիւններուն եւ վերաբնակիչներուն սպառնալիքներուն: Կոչ կ՛ընենք միջազգային համայնքին՝ պաշտպանելու Երուսաղէմի պատմական եւ մշակութային հայկական հողը եւ քրիստոնէական սրբավայրերը: Կոչ կ՛ընենք Իսրայէլի դատարաններուն՝ անյապաղ անվաւեր ճանչնալու Հայոց պատրիարքարանի եւ Xana Gardens-ի միջեւ խնդրայարոյց համաձայնութիւնը եւ կը պահանջենք, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները յարգեն փոքրամասնութիւններու՝ հայերու եւ քրիստոնեաներու իրաւունքները՝ ամբողջ Երուսաղէմի, Արեւմտեան ափի եւ Իսրայէլի մէջ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ