Քայլարշաւ եւ հաւաք. Լիբանանահայութիւնը խիտ շարքերով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը
23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ լիբանանահայութիւնը ընդառաջեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի կոչին` խուռներամ շարքերով մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւ-ջահերթին եւ ապա Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, որուն ընթացքին երեք քաղաքական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իրենց ելոյթներուն եւ պատգամին մէջ շեշտեցին հայութեան պահանջատիրական պայքարը շարունակելու վճռականութիւնը:
«Շաղզոյեան» կեդրոնէն մինչեւ Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւ-ջահերթը տեւեց շուրջ երկուքուկէս ժամ: Այս ամբողջ ժամանակամիջոցին Պուրճ Համուտ-Անթիլիաս մայրուղին լուսաւորուած էր սկաուտական խումբերուն վառած ջահերով: ՀՄՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտական շեփորախումբերը հնչեցուցին ազգային-հայրենասիրական երաժշտութիւն: Քայլարշաւ-ջահերթին մասնակիցները բարձրացուցած էին պաստառներ եւ կարգախօսներ, որոնք կը դատապարտէին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնները:
Մինչ քայլարշաւ-ջահերթին առաջին մասնակիցները կը հասնէին Անթիլիասի մայրավանք, անոր շրջափակը արդէն իսկ լեցուած էր հազարաւոր հայորդիներով, որոնք եկած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէն: Այս տարի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած բազմամարդ քայլարշաւ-ջահերթը եւ ապա հաւաքը ապացուցեցին, որ սփիւռքի սիրտ լիբանանահայ գաղութը տակաւին իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի հայութեան կեդրոնական խնդիրը հանդիսացող հայկական պահանջատիրութեան մէջ:
Գիշերուան ժամը 9:45-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ժողովրդային ձեռնարկը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի շեփորախումբերուն նուագակցութեամբ յաջորդաբար հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:
Հաւաքին ընթացքին Ծովակ Թազեան – Թիւթէլեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, ապա ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը:
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Վաչէ Մուղալեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով Սահակ Թաշճեան եւ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան։
Ապա Մարի-Անն Յովհաննէսեան արաբերէնով կարդաց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անունով հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին:
Աւարտին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական ոգեշունչ պատգամը ուղղեց մեր պահանջատէր ժողովուրդի համայն զաւակներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը սկսաւ` ընդգծելով, որ` «Ապրիլ 24-ը սոսկ նահատակներու ոգեկոչումի օր չէ, այլ մեր պահանջատիրական կամքը առաւել ամրացնելու կոչ է»: Ան ըսաւ, թէ այնքան ատեն որ Թուրքիա եւ իր «կրտսեր եղբայր» Ազրպէյճան կը շարունակեն ուրանալ իրենց գործած համամարդկային ոճիրները, խեղաթիւրել հայոց պատմութիւնը, ոչնչացնել հայոց դարաւոր հետքերը, եւ այնքան ատեն որ արցախահայութիւնը պոկուած կը մնայ իր հողերէն, հայ ժողովուրդը անխախտօրէն պիտի շարունակէ իր պայքարը: «Այսօր, երբ Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանը Հայաստանի ամբողջականութիւնը հարցականի տակ դնող եւ անվտանգութիւնը խախտող պահանջներ կը ներկայացնէ ու կը սպառնայ նոր տարածքներ գրաւել Հայաստանէն, կ՛արհամարհէ միջազգային օրէնքի սկզբունքները եւ կ՛անտեսէ իր ստորագրած համաձայնագրերը, ու երբ Թուրքիան, իր կարգին, կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ մեր ազգի ու հայրենիքի հիմնարար արժէքներուն ու իտէալներուն առնչուած յօդուածներ ջնջել ու վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդման, հայ երգին բառերով բարձրաձայն կ՛ըսենք` «Հիմի՞ էլ լռենք, երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել մեր կրծքին…», ըսաւ հայրապետը:
Ուստի ան յորդորեց հայ ժողովուրդը արթուն մնալու տեղի ունեցած համաթուրանական նոր դաշնութիւններուն դիմաց, որոնց նպատակը Հայաստանի գոյութիւնը վտանգել է: Ան յայտարարեց մեր կտրուկ մերժումը` Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգող տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն, միակողմանի զիջումներուն եւ պարտադրուած կացութիւնները ընդունելու վտանգալից մօտեցումներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց, որ աշխարհէն գութ ու արցունք չէ սպասուածը, այլ պահանջուածը արդարութեան վերականգնում է եւ` միջազգային օրէնքի գերակայութիւն. «Մենք պատմութիւն կերտեցինք, հայրենիք պահեցինք, մշակոյթ ստեղծեցինք, նոյնիսկ արեան գնով, «Ո՛չ» ըսելով բոլոր տեսակի համակերպումներուն: Կը պահանջե՛նք Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ եւ անոր իրաւունքներուն վերականգնումը` միջազգային երաշխաւորութեամբ: Կը պահանջե՛նք Ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած բոլոր գերիներուն առանց պայմանի շուտափոյթ ազատ արձակումը: Կը պահանջե՛նք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան դատապարտումը` նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ, եւ` մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցումը», պահանջեց վեհափառ հայրապետը:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս մէջբերեց Թուրքիոյ նախագահին քանի մը ժամ առաջ տուած պատասխանը թղթակիցներուն` Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած հարցումին. «Մոռցէ՛ք անհիմն յիշողութիւնները եւ երեւակայական պատմութիւնները»: Առ այդ, մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու սրբազան աճիւններուն դիմաց կանգնած, վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին` հարց տալով. «Պարո՛ն նախագահ, ուրկէ՞ եկան այս աճիւնները մեր նահատակներուն: Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս քու պապերուդ կողմէ ջարդուեցան մեր պապերը: Պատմութիւնը կը վկայէ, նոյնիսկ` թուրք պատմագէտներու կողմէ, թէ ինչ որ կատարուեցաւ 1915-ին ի՛մ պապերուս դէմ քո՛ւ պապերուդ կողմէ, Ցեղասպանութիւն էր` ծրագրուած ու գործադրուած պետական մակարդակով»: Իսկ պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահին Հայաստանը սփիւռքին եւ սփիւռքը Հայաստանին հակադրելու անիմաստ փորձերուն, որ վերոյիշեալ հարցազրոյցին մէջ թղթակիցներուն ըսած էր, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Պարո՛ն նախագահ, մի՛ փորձեր սփիւռքը հակադրել Հայաստանին:
Հայաստան եւ սփիւռք մէ՛կ ամբողջութիւն են, մենք մէ՛կ ազգ ենք, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ: Հետեւաբար արթո՛ւն եղիր, ժողովո՛ւրդ հայոց, Կովկասէն ներս համաթուրանական նոր դաշնակցութեան մը կազմաւորումով Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը փորձեն իրենց օղակին մէջ խեղդել Հայաստանը: Հայաստանին ցեղասպան դրացիները խաղաղութեան հաստատման համար պայմաններ դնելով` փաստօրէն կը սպառնան Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, նոյնիսկ` գոյութեան»:
Վերջապէս, վեհափառը թելադրեց համախմբուելու ազգին ու հայրենիքին սրբազան արժէքներուն, համահայկական օրակարգի մը, թէկուզ` տարբեր մօտեցումներով, եւ անվիճելի իրաւունքներու շուրջ` Հայաստանի փրկութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով:
«Յարգա՛նք` մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ պատի՛ւ` մեր արի ժողովուրդին» ըսելով` Արամ Ա. կաթողիկոս եզրափակեց իր պատգամը:
Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ