Պէյրութի մէջ. Մեսրոպեանի աշակերտուհին արտասանական մրցանքի 2-րդ դիրքը գրաւած է
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտուհի Մէյրի Էքմէքճեանը, Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած միջ-դպրոցական մրցումին պատուաբեր երկրորդ տեղը գրաւեց։
Մէյրիին սեւակեան խօսքի կատարումը մեծ ազդեցութիւն գործեց նոյն առիթով ժողովրդային հանդիսութեան մասնակիցներուն վրայ, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ մեր աշակերտուհին երկու տարի առաջ շահած էր Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած ասմունքի մրցումին առաջնութիւնը:
Մէյրիին կը մաղթենք, որ չզլանայ մշտական ներկայութիւն ըլլալու բեմերուն վրայ, ի խնդիր Հայ բանաստեղծութեան տարածման:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ