Ապահովութեան խորհուրդը այսօր Պաղեստինը ՄԱԿ-ի անդամ ընդունիլ յանձնարարող նախագիծի շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ
Աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր քուէարկութիւն պիտի կատարէ Ալճերիոյ պատրաստած նախագիծին շուրջ, որ կը յանձնարարէ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը ընդունիլ:
Պաղեստինեան իշխանութիւնները ապրիլին Ապահովութեան խորհուրդէն խնդրած էին ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան համար իր 2011-ին ներկայացուցած դիմումը վերստին քննել, հակառակ այն իրողութեան, որ վեթոյի իրաւունք ունեցող Միացեալ Նահանգները բացայայտ կերպով այդ քայլին իրենց ընդդիմութիւնը արտայայտած են:
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտ երէկ յայտնեց, որ իր կարծիքով` ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամակցութեան վերաբերեալ որոշումի մը որդեգրումը չի նպաստեր պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի «երկու պետութիւններ» լուծումին հասնելուն:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ