ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ընդունած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը
3 ապրիլին, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նստաշրջանի ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Իբրեւ հիմք ընդունելով «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» հռչակագիրը` երկու տարին անգամ մը ներկայացուող բանաձեւը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս ոճրագործութեան կրկնութեան վտանգներուն եւ զանոնք կանխարգիլելու անհրաժեշտութեան վրայ:
«Այս տարուան բանաձեւի բնագիրին մէջ, հաշուի առնելով ժամանակակից մարտահրաւէրները, կարեւոր կէտեր աւելցուած են վաղ նախազգուշացման եւ ցեղասպանութիւններու հետ առնչուած վտանգներու վերաբերեալ: Մասնաւորաբար, նման վտանգներու շարքին կը նշուին զինեալ տագնապներու` ցեղասպանութիւն գործելու նպատակով օգտագործումը եւ իբրեւ պատերազմ վարելու արգիլուած միջոց խաղաղ բնակչութիւնը սովի մատնելու անթոյլատրելիութիւնը:
«Բանաձեւը անպատժելիութիւնը կ՛որակէ իբրեւ ցեղասպանութիւններու, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդոց դէմ յանցագործութիւններու վտանգի զգալի գործօն` ընդգծելով, որ անիկա պէտք է հասցէագրուի հետաքննութեան, քրէական հետապնդման եւ պատիժի միջոցով:
«Այս առումով յատկանշական է այն փաստը, որ բանաձեւը յատուկ կը նշէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի դերը ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի հարցերուն մէջ: Փաստաթուղթով կը նախատեսուի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին մէջ կլոր սեղանային քննարկում կատարել կանուխ նախազգուշացման նիւթով:
«ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատարի գրասենեակին կոչ կ՛ուղղուի քաջալերելու թէ՛ անդամ պետութիւններու, թէ՛ ալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցով յատուկ խորհրդականի, պայմանագրային մարմիններու, յատուկ ընթացակարգերու, քաղաքացիական հասարակութեան, մարդու իրաւունքներու ազգային հիմնարկներու, ակադեմական շրջանակներու եւ սեփական մարզի մասնակցութիւնը ձեռնարկին:
«Հայաստանի այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր ներդրումն է ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային օրակարգը ամրապնդելու, ժամանակակից մարտահրաւէրներուն իրաւունքակեդրոն մօտեցումներ առաջադրելու, մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնքի եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի խաչուող խնդիրներու շուրջ հաստատութենական լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ:
«Կարեւոր է նաեւ արձանագրել, որ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը կը վայելէ լայն աջակցութիւն. զայն կը համահեղինակեն բոլոր հինգ շրջանային խումբերու անդամ հանդիսացող երկիրները», յայտնեց նախարարութիւնը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ