Որոնել

 Սուրբ Գրոյ ընկերկացութեան նորընտիր գործադիր խորհուրդը Սուրբ Գրոյ ընկերկացութեան նորընտիր գործադիր խորհուրդը 

Մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրոյ ընկերկացութեան նորընտիր գործադիր խորհուրդը գումարեց իր անդրանիկ ժողովը

Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան նախորդ շրջանին աշխատանքները եւ որոշուեցաւ յաջորդ երեք տարիներու աշխատանքային ուղեգիծը:

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2024-ին, Հարիսայի (Լիբանան) Բեթանիա հիւրանոցին մէջ գումարուեցաւ Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան նորընտիր Գործադիր Խորհուրդին ընդհանուր ժողովը:

Մէկ օրուան վրայ տարածուած ժողովի ընթացքին, նախ Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մայք Պասսուս պարզեց Ընկերակցութեան առաքելութիւնը, ապա անդրադարձաւ Գործադիր Խորհուրդի անդամներուն ստանձնած պատասխանատուութեան: Քննարկուեցան նախորդ շրջանին աշխատանքները եւ որոշուեցաւ յաջորդ երեք տարիներու աշխատանքային ուղեգիծը:

Յայտնենք, որ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յիշեալ Խորհուրդին անդամ դարձաւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2024, 08:30