Մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրոյ ընկերկացութեան նորընտիր գործադիր խորհուրդը գումարեց իր անդրանիկ ժողովը
Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2024-ին, Հարիսայի (Լիբանան) Բեթանիա հիւրանոցին մէջ գումարուեցաւ Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան նորընտիր Գործադիր Խորհուրդին ընդհանուր ժողովը:
Մէկ օրուան վրայ տարածուած ժողովի ընթացքին, նախ Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մայք Պասսուս պարզեց Ընկերակցութեան առաքելութիւնը, ապա անդրադարձաւ Գործադիր Խորհուրդի անդամներուն ստանձնած պատասխանատուութեան: Քննարկուեցան նախորդ շրջանին աշխատանքները եւ որոշուեցաւ յաջորդ երեք տարիներու աշխատանքային ուղեգիծը:
Յայտնենք, որ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յիշեալ Խորհուրդին անդամ դարձաւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ