«Together» հաստատութեան կեդրոնի բացումը Հալէպի մէջ
Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ կեդրոններ ունեցող «together» հաստատութիւնը, Սուրիոյ մէջ եւս իր կեդրոնը բացաւ Հալէպ քաղաքի Վիլլաներ թաղամասին մէջ:
Կեդրոնին բացումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Կիրակի, 28 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին կողքին բացման արարողութեան մասնակցեցան Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Արաբ Աւետարանական Համայնքի պետ Իպրահիմ Նսէյր, քոյր համայնքներու, Սուրիոյ Խորհրդարանի, նահանգային խորհուրդի Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման արարողութենէն ետք հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Յակոբեան, ջերմապէս ընդունելով ներկաները, ծանօթացուց զիրենք նորակառոյց կեդրոնի բաժանմունքներուն: Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքապետներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ հաստատութեան աշխատանքներու ողջ ընթացքին իրենց մշտական գործակցութեան համար:
Այս առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը խօսք առնելով դիտել տուաւ, որ յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի ծանր տարիներէն ետք, քրիստոնէական, մարդկային արժէքներու պահպանման, յոյսի վերականգնումին եւ ժողովուրդին ծառայութեան իմաստով նման հաստատութեան ներկայութիւնը սուրիական կեանքին մէջ յոյժ կարեւոր գործօն կը համարուի: Ապա, շնորհաւորեց հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Յակոբեանը, մաղթելով որ Աստուած միշտ աստուածային իմաստութեամբ եւ շնորհքով օժտէ զայն, որպէսզի այս հաստատութիւնը կարենայ բոլոր համայնքներուն եւ Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն, այնտեղ ուր կարիքը կայ, իր ծառայութիւնը մատուցէ:
Սրբազան Հայրը աղի եւ ջուրի օրհնութիւն կատարեց: Ապա, համայնքապետները միասնաբար աղօթեցին վասն հաստատութեան բարեյաջող գործունէութեան:
Այնուհետեւ, համայնքապետները եւ ներկայ հիւրերը իրենց մաղթանքները արձանագրեցին ոսկեմատեանին մէջ: Ապա, տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատում եւ ներկաները կոկիկ հիւրասիրութեան ընթացքին շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին հաստատութեան անձնակազմին:
Աղբիւրը՝ Գանձասար
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ