Արաբական Վեհաժողովը կոչ ուղղեց` Պաղեստինի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու
Պահրէյնի մէջ 16 մայիսին գումարուած արաբական վեհաժողովը կոչ ուղղեց` մինչեւ «երկու պետութիւններ» լուծումի գործադրումը Պաղեստինի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու:
Վեհաժողովը նաեւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Ռաֆահ սահմանային անցակէտի պաղեստինեան կողմի գրաւումը:
Արաբական վեհաժողովը կոչ ուղղեց` գումարելու խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով մը, որ «կը մարմնաւորէ Պաղեստինեան պետութիւն ունենալու իրաւունքը»:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Մանամայի մէջ վեհաժողովի բացման նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներ դադրին երկակի չափանիշներու քաղաքականութիւն կիրարկելէ»:
«Ժամանակը հրատապ դարձաւ գործի լծելու մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար արաբական ապահովութեան ցանցը», շեշտեց Ապպաս` նշելով, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը «Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցումն է, ինչպէս նաեւ պէտք է անպայման աւելցնել մարդասիրական օժանդակութիւնները եւ արգիլել պաղեստինցիներու Կազայէն տեղահանումը»:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր կարգին մերժեց պաղեստինեան դատի լուծարումը եւ պաղեստինցիներու բռնի տեղահանութիւնը:
Քննադատելով միջազգային քաղաքականութիւնը ան ըսաւ. «Մենք իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ շրջանին մէջ տագնապին վերջ տալու որեւէ միջազգային քաղաքական կամք չենք տեսներ»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ