Որոնել

Արցախի նախկին ղեկավարները Արցախի նախկին ղեկավարները 

Ազրպէյճանի մէջ դատարանը 5 ամիսով երկարաձգած է Արցախի նախկին ղեկավարներու կալանքի ժամկէտը

հաղորդուեցաւ, որ նոյն որոշումը տրուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ազրպէյճանի մէջ դատարանը 5 ամիսով երկարաձգած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներու կալանքի ժամկէտը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Պինակատիի շրջանային դատարանը որոշում տուած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի նկատմամբ:

Նախքան այդ, նման որոշում տրուած էր նաեւ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի նկատմամբ:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ նոյն որոշումը տրուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2024, 07:00