Ազրպէյճանի մէջ դատարանը 5 ամիսով երկարաձգած է Արցախի նախկին ղեկավարներու կալանքի ժամկէտը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ազրպէյճանի մէջ դատարանը 5 ամիսով երկարաձգած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներու կալանքի ժամկէտը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Պինակատիի շրջանային դատարանը որոշում տուած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի նկատմամբ:
Նախքան այդ, նման որոշում տրուած էր նաեւ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի նկատմամբ:
Երէկ հաղորդուեցաւ, որ նոյն որոշումը տրուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ