Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը Ատրպէյճանը դասեց կրօնքը չարաշահող երկիրներու շարքին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր ձայնը միացուց Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան Փրկենք Հայաստանը կազմակերպութեան՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարարութեան, որ ընդունի Ատրպէյճանը «Յատուկ մտահոգութիւն յառաջացնող երկիրներ»ու ցանկին վրայ դնելու՝ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին (USCIRF) յանձնարարականը։
Կոչը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարարութեան շէնքին առջեւ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երբ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։ Յանձնաժողովը իր տարեական զեկոյցին մէջ նաեւ կոչ կ՛ընէ կառավարութեան, որ յատուկ գումար մը յատկացնէ Ամերիկայի միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Պաքուի մէջ ամերիկեան դեսպանատան` Արցախի եւ յարակից տարածքներուն մէջ պաշտամունքի վայրերու եւ կրօնական կամ մշակութային այլ վայրերու պահպանման եւ պաշտպանութեան համար:
Զեկոյցին մէջ կը շեշտուի, որ Պաքու կրօնական ազատութեան համակարգուած, շարունակական եւ աղաղակող խախտումներ կը կատարէ, ոտնահարելով Միջազգային կրօնական ազատութեան մասին օրէնքին (IRFA) պայմանները:
Նշեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Ռիչըրտ Ղազալ յայտնեց, թէ ինք թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու եւ դատապարտեց ցեղասպանութեան դիմած Ատրպէյճանին ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրելու քայլերը։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ