2024.05.25 Concerto in onore di Anie Bezikian

Ազգային բարերար Անի Պէզիքեանի յիշատակին նուիրուած Համերգ

Կիրակի, 19 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային բարերար Անի Պէզիքեանի յիշատակին նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչ Յասմիկ Գասպարեանի եւ աշակերտ Քէյվըն Եուսուֆի:

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային բարերար Անի Պէզիքեանի յիշատակին նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչ Յասմիկ Գասպարեանի եւ աշակերտ Քէյվըն Եուսուֆի:

Համերգի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ անդրադարձաւ Պէզիքեան ընտանիքին ունեցած կարեւոր աւանդին` հայաստանեան, սփիւռքեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Ան աւելցուց. «1988-ի երկրաշարժի որբերէն մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով տուժած ընտանիքներ, մինչեւ Լիբանանի ընկերային ճգնաժամով յառաջացած կարիքաւորներ, աջակցութիւններու հսկայական ծաւալները ամոքեցին տարբեր հանգամանքներու մէջ աղքատութեան, կարիքաւորութեան եւ դժուար պայմաններու մէջ յայտնուածները»:

Գանտահարեան ըսաւ, որ մարդասիրական բնոյթի այս աջակցութիւններուն առընթեր, պէտք է յիշել անպայման` Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի վերանորոգութիւնը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին մատրան շրջափակի եւ հրապարակի կառուցումն ու Ցեղասպանութեան յուշարձանի վերանորոգումը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Սարդարապատի յուշակոթողի կանգնեցումը, դպրեվանքի հիմնադրամին հաստատումը,  Հայաստանի մէջ «Անի Պէզիքեան կեդրոն»-ի հիմնադրութիւնն ու Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» հաստատութեան հետեւողական աջակցութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շինութիւնը:

«Մարդասիրական, հոգեւոր, ազգային, հայ մամուլին եւ մեր կեանքի տարբեր ոլորտներուն տրամադրուող օժանդակութիւններու համակարգումին եւ նախաձեռնութիւններուն մղիչ ուժը հանդիսացաւ Անի Պէզիքեան, որուն յիշատակին նուիրուած այս համերգով լիբանանահայութիւնը կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը», ընդգծեց Շահան Գանտահարեան:

Այնուհետեւ «Գուսան» երգչախումբը մեկնաբանեց Մակար Եկմալեանի «Հայր մեր»-ը եւ «Սուրբ սուրբ»-ը, Սահարունիի  «Ջանս մռմուր»-ը, Կոմիտասի «Չինար եարիս»-ը եւ «Սիրուն ջան»-ը , Բարսեղ Կանաչեանի «Անուշ հովիկ»-ը, Մակար Եկմալեանի «Զարթի՛ր, որդեակ»-ը, Բարսեղ Կանաչեանի «Լուսին չկար»-ը, Էդկար Յովհաննիսեանի «Երեւան Էրեբունի»-ն եւ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի «Կիլիկիա»-ն:

Երգչախումբի անդամներէն սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան իր կարգին մեկնաբանեց Արա Պարթեւեանի «Մայր եւ կոյս»-ը, Կոմիտասի «Կռունկ»-ը, Բարսեղ Կանաչեանի «Ծով աչեր»-ը, Շարլ Ազնաւուրի «Աւէ Մարիա»-ն եւ Պարոյր Սեւակի ու Զաքարեանի «Մօր ձեռքերը»:Համերգի աւարտին սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ալեքքօ Պէզիքեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը արտակարգ բան մըն է եւ սովորական աւանդութիւն մը չէ, աւելցնելով, որ իր եւ իր ընտանիքին ցանկութիւնն էր Անի Պէզիքեանի սիրած բաները ընել եւ իր փափաքները կամաց-կամաց իրականացնել, նոյնիսկ` իր բացակայութեան: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանի եւ անոր ընդմէջէն առաջնորդ սրբազան հօր` գնահատելով անոր գործակցութիւնը, յարգանքը եւ յիշողութիւնը այն բոլոր առաքելութիւններուն, որ Անի Պէզիքեան կատարած է: «Միայն մէկ բան հպարտութեամբ կ՛ըսեմ, որ 17 տարի Սպիտակի 350 որբերուն դրամահաւաք կազմակերպելու միտումով, ամէն տարի Անին առանձինն ճաշկերոյթ կը պատրաստէր Օդային սպաներու սրահին մէջ, որուն ներկայ կ՛ըլլային 200-250 հրաւիրեալներ», հաստատեց Ալեքքօ Պէզիքեան` աւելցնելով, որ այս բոլոր գործերը ան միշտ լռելեայն ըրած է, եւ ինք միշտ աջակցած է, որպէսզի հանգուցեալը կարենայ իր փափաքները իրականացնել:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ յայտնեց, թէ Անի Պէզիքեանի յիշատակին նուիրուած այս համերգը երգի ճամբով նախ առիթ է մեր կորուստը սգալու, երկրորդ` մեր գոհութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնելու Աստուծոյ` Անի Պէզիքեանի կեանքին համար, ինչպէս նաեւ` վաղուան մեր կեանքին համար ներուժ քաղելու: Սրբազանը հաստատեց, որ Պէզիքեան ընտանիքի անդամները իրենց ընտանեկան կարեւորագոյն պահերը ապրեցան լիբանանահայութեան համար. յոբելեաններ, տարեդարձներ, ընտանեկան այլ առիթներ բոլորը հեռաւոր Իտալիայէն, այնուհետեւ Զուիցերիայէն հաւաքուեցան Լիբանան` իրենց ուրախութիւնը կիսելու համար լիբանանահայութեան հետ: Սրբազանը ըսաւ, որ Պէզիքեան ընտանիքը կ՛ուզէր, որ լիբանանահայ կեանքը յարատեւէ, եւ գիտէին, որ պարտականութիւն ունէին այդ կէտին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Մենք կը սպասէինք, որ Անի Պէզիքեան կրկին մեր մէջ յայտնուի, որպէսզի մենք` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն «շնորհակալութիւն» ըսէինք եւ մեր սրտի անկեղծ զգացումները յայտնէինք իրեն եւ իր հարազատներուն, սակայն Աստուած տարբեր ձեւով տնօրինեց եւ իր յիշատակին շուրջ մեզ համախմբեց այսօր, որպէսզի լիբանանահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնենք Պէզիքեան ընտանիքին` զօրակցութեան, աջակցութեան եւ սրտակցութեան համար:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2024, 06:50