2024.05.30 Conclusione Anno accademico Scuola Mesrobian

Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին 110 շրջանաւարտներէ կազմուած 85-ամեակի հունձքը

Հանդէսին համար Մեսրոպեանի շրջափակ փութացած էին աւելի քան 1200 հրաւիրեալներ՝ հոգեւորականներ, ազգային, համայնքային եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ ու բարեկամներ:

Նախագահութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին 110 շրջանաւատներէ կազմուած վարժարանի հիմնադրութեան 85-ամեակի հունձքը` աւանդական դարձած խանդավառ եւ ոգեւորող հանդիսութեան մը ընթացքին, 24 Մայիս 2024-ին, Պուրճ Համուտ, Լիբանան:

Հանդէսին համար Մեսրոպեանի շրջափակ փութացած էին աւելի քան 1200 հրաւիրեալներ՝ հոգեւորականներ, ազգային, համայնքային եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ ու բարեկամներ:

Շրջանաւարտներու բեմ հանդիսաւոր մուտքէն անմիջապէս ետք եւ յետ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեան, բացման խօսքեր արտասանեցին հանդիսավար տիկին Մարալ Հարպոյեան եւ Արուեստից վարժարանի վարչական պատասխանատու պարոն Սերժ Հաննա:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Վանա Սէֆէրեան, Նաթալի Ղուկասեան, Մարին Չաքմաքեան եւ Անթուանէթ Գազանճեան, որոնք ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին Մեսրոպեանի յարկին տակ իրենց ուսումնառութեան տարիներուն, երախտագիտութիւն յայտնեցին ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան յանուն իրենց կրթութեան թափուած մեծ ջանքերուն եւ ստանձնուած զոհողութիւններուն համար եւ հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը շարունակելու կրթութեան ճամբան՝ Մեսրոպեանի մէջ կազմաւորուած արժէքներով եւ ոգիով:

Ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ տիկին Հասնա Ապու էլիաս: «զԱստուած դրէք այն ամէն ինչի կեդրոնին, զոր կ՛ուզէք ընել: Ընդունեցէք, որ այն ամէնը, ինչ ունիք, Աստուծոյ պարգեւն է, ինչ որ կը նշանակէ մնալ անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ», թելադրեց տիկին Հասնա: «Մի վախնաք բարձր նպատակներ հաստատելէն եւ մնացէք ձեր մեծ երազանքներուն հետեւորդ: Բայց յիշեցէք, որ առանց նպատակներու երազանքները պարզապէս երազանքներ են եւ կրնան յանգեցնել հիասթափութեան: Ուստի երազանքներ ունեցէք, բայց նպատակներ դրէք», յորդորեց ան:

Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ` իր նախագահութիւնը շնորհելուն համար այս հանդիսութեան, եւ

խորագոյն երախտագիտութիւն այն հայրական հոգատարութեան եւ գուրգուրանքին համար, զոր ան կը շնորհէ Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքին:

Պարոն Գալուստ ոգեկոչեց յիշատակը Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադիր Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին, անցեալի տնօրէններուն, դաստիարակներուն ու պաշտօնեաներուն որոնք խաւարին մէջ հիմքը դրին Մեսրոպեանական փարոսին ու վառ պահեցին կրակը անոր մէջ՝ ի լուսաւորութիւն Լիբանանի հայ համայնքին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր վարիչի գրասենեակին, Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, վարժարանի ծնողական յանձնախումբին, Սուրբ Մեսրոպի արիներուն, բարերարներուն եւ այն բազմաթիւ բարեկամներուն, որոնք աջակից եղան Մեսրոպեանի տնօրէնութեան՝ իրենց ծառայութիւններով:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, պարոն Գալուստ ըսաւ. «Ուր որ ալ գտնուիք ու ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլաք՝ պիտի տարածէք Հայկի յաղթական ոգին, Սասունցի Դաւիթի պայքարելու խիզախութիւնը, Վարդանի անձնազոհութիւնն ու Անդրանիկներու կամքը: Թո՛ղ ձեր օրերը ըլլան պայծառ ու ձեր ճանապարհը՝ կանաչ եւ լուսաւոր:»

«Այս հանդիսութիւնը կու գայ հաստատելու, թէ հիմնադրութենէն 85 տարիներ ետք Մեսրոպեանը ոչ միայն մնացած է Սուրբ Մեսրոպի աւանդին հաւատարիմ պահակն ու ծառան, այլեւ յառաջընթացի մէջ է այդ ճանապարհին վրայ: Միասնաբար պիտի շարունակենք աշխատանքը` զարգացնելով ու արդիականացնելով վարժարանը, որպէսզի այս պատերէն ներս սերունդներու կրթութիւնը շարունակէ մնալ ապահով եւ արդիւնաւէտ», եզրափակեց Մեսրոպեանի տնօրէնը:

Այս առիթով, պարոն Կրէկուար Գալուստ պարգեւատրեց զոյգ վարժարաններու տարբեր բաժիններու լաւագոյն գնահատականներ արձանագրած աշակերտները: Մեսրոպեանի «Գէորգ Հաճեան» յիշատակի մրցանակը շնորհուեցաւ շրջանաւարտ Ալեքսան Կորիւն Սերմանուկեանին՝ հայագիտական նիւթերուն մէջ բարձրագոյն գնահատականին համար:

Իր Հայրապետական պատգամին մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանի այս տարեվերջի հանդէսը ստուգիւ տօնական եւ ցնծաբաշխ պահ մըն է բոլորին համար:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Ձեզի ուղղուած խնդրանքս եւ խրատս միտուած են ապագաին՝ ա՛յն ապագային, զոր պիտի կերտէք ձեր անհատական ընթացքով ու յարատեւ աշխատանքով: Սկսեալ այս պահէն վստահ եղէք, թէ այդ ոչ միայն ձեր, այլ նաեւ ձեր ընտանիքներուն, Համայնքին ու մեր Ազգին ապագան է»:

«Կը խրատեմ ձեզ հետեւիլ ճշմարտութեան: Ասիկա շատ յստակ ըլլալու է հայ- քրիստոնեայ մարդուն կեանքին մէջ, քանի մեր Աստուածային Վարդապետը՝

Յիսուս Քրիստոս կը սովորեցնէ. «Դուք պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը եւ ճշմարտութիւնն ալ ձեզ պիտի ազատէ» (Յվհ. 8,32) », յորդորեց Հոգեւոր Տէրը:

Տեղի ունեցաւ «Մեսրոպեան Վահան»-ի փոխանցումը, ուր շրջանաւարտներու ներկայացուցիչները վահանը փոխանցեցին իրենց կրտսեր դասընկերներուն:

Հանդէսի գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան Մարք Կիւլկիւլեան (նուագ՝ դաշնամուր), Սէրէնա Քապէնճեան եւ Նազօ Ղազարեան (եւրոպական պար) Ռաֆֆի Ասուատ (նուագ՝ պուզուքիա), Բարձրագոյնի աւարտականներ (հայկական պար) եւ Արուեստիցի աւարատականներ (սպանական պար):

Հուսկ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը: Ձեռամբ Հոգեւոր Տիրոջ եւ մասնակցութեամբ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեանի եւ պարոն Կրէկուար Գալուստի, Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններէն աւարտականի վկայականներ ստացան 110 երիտասարդ երիտասարդուհիներ, որոնք միասնաբար հատեցին տօնական կարկանդակը՝ բեմին վրայ եւ ապա ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

Հանդէսին ամբողջական տեսագրութիւնը կարելի է դիտել այստեղ՝

https://www.youtube.com/watch?v=mpfiXgI6q-k

Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2024, 07:12