Քանդուած է նաեւ բռնագրաւեալ Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցին
Ատրպէյճանի ցեղասպան եւ մշակութակործան վարչախումբը հիմնայատակ ոչնչացուցած է նաեւ բռնագրաւեալ Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցին։
«Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ արբանեակային վերջին լուսանկարներէն բացայայտուած է, որ Ատրպէյճանի ցեղասպան եւ մշակութակործան վարչախումբը հիմնայատակ ոչնչացուցած է նաեւ բռնագրաւեալ Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցին։
Նշենք, թէ եկեղեցւոյ հիմքը դրուած էր 1996ին, իսկ օծումը կատարուած էր 1998 Մայիս 31ին։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
14/05/2024, 08:30