2023.01.02 Rev Vahan Tutighyan

Տիպար մօր մը դերն ու ազդեցութիւնը (Մայրերու Օրուան առիթով)

Ազգի մը ներկան ու ապագան կախում ունին առաւելապէս զայն կազմող ընտանիքներու կենցաղէն ու կենսունակութենէն: Ազգ մը կանգուն ու հաստատուն կը մնայ, երբ զայն կազմող ընտանիքները հայրենասէր են եւ պատրաստակամ` սատարելու իրենց ազգին վերելքին:

Ընտանիքը թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ աստուածային հաստատութիւն մըն է: Մարդկային հաստատութիւն է, որովհետեւ կազմուած է մարդոցմով: Աստուածային է, քանի որ անոր Արարիչն ու ճարտարապետը Աստուած Ի՛նքն է:

Ընտանիքը միանգամայն ազգի մը թէ՛ հիմնաքարը եւ թէ՛ մանրանկարն է: Ազգ մը ընտանիքներէ բաղկացած ամբողջութիւն մըն է: Անոր առողջ կամ վատառողջ ըլլալը կախում ունի զայն կազմող ընտանիքներէն:

Ընտանիքն է մարդկութեան առաջին հաստատութիւնը, ուր մանուկներ կ’ունենան պատկանելիութեան զգացում: Այնտե՛ղ է, որ անոնք իրենց առաջին քայլերուն հետ նաեւ կը սորվին բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներ: Այնտե՛ղ է, որ հիմերը կը դրուին անոնց նկարագրի շէնքերուն: Այնտե՛ղ է նաեւ, որ մանուկներ  կը սորվին պատասխանատուութեան գիտակցութիւն:

Ազգի մը ներկան ու ապագան կախում ունին առաւելապէս զայն կազմող ընտանիքներու կենցաղէն ու կենսունակութենէն: Ազգ մը կանգուն ու հաստատուն կը մնայ, երբ զայն կազմող ընտանիքները հայրենասէր են եւ պատրաստակամ`  սատարելու իրենց ազգին վերելքին:

Ընտանիքը նաեւ կեանքի առաջին դպրոցն է, որուն աւագ ուսուցիչը Մայր-ն է: Խիստ ճակատագրական է դերն ու ազդեցութիւնը տան սիւն եղող այս էակին, որուն տրուած է մայր անունը: Աննման են անոր սէրն ու սիրտը, անոր նկարագիրն ու կեանքը:

Ո՞վ կրնայ թափանցել ընտիր մօր մը ներքին աշխարհը եւ հասկնալ անոր անձնուրաց ու անսպառ սէրը իր զաւակներուն հանդէպ: Ան պատրաստ է տալ ու տրուիլ, զոհել ու զոհուիլ, մոմի մը պէս վառիլ եւ մաշիլ, բայց` լոյս տալ իր հոգեհատորներուն:

Ո՞վ կրնայ լիովին ըմբռնել մօր մը սիրտը, որ միշտ կը տրոփէ իր զաւակներու բարիքին համար, սիրտ մը, որ երբեք չի փոխուիր, չի վարանիր, չի դաւաճաներ, սիրտ մը, որ նոյնիսկ երբ վիրաւորուի, միշտ անյիշաչար է, նոյնիսկ եթէ վրդովի կամ նեղուի, միշտ ներող է:

Ո՞վ կրնայ արդարօրէն վերլուծել տիպար մօր մը կեանքը: Ան համակ սէր եւ նուիրում է, համբերութիւն եւ անձնազոհութիւն է: Ան կը զոհէ իր ժամանակը, հանգիստն ու առողջութիւնը իր զաւակներուն համար: Ան կը սպառի ու կը զոհաբերէ իր մարմինն ու հոգին` ի սէր իր զաւակներուն:

Անոր համբերութիւնը երբեք տկարութիւն, ընկրկում կամ պարտութիւն չի ճանչնար: Զինուած առաքինութեան այդ զէնքով` ան կը մերժէ յուսահատիլ, ընկճուիլ եւ պարտուիլ: Համբերութեան կրանիթեայ ուժով ան կը յաղթահարէ ամէն տեսակ ցաւեր, վհատեցուցիչ դժուարութիւններ եւ դժբախտութիւններ:

Սիրոյ, նուիրումի  եւ զոհողութեան առաքինութիւններով զրահուած մայրը երբեք չի դժգոհիր դառնութիւններէ, չի տկարանար հարուածներէ, չի սարսափիր հալածանքներէ, չի յուսալքուիր դժուարութիւններէ:

Տիպար ու առաքինի մայրը իրազեկ է այն իրողութեան, որ ինք միայն ծնունդ եւ սնունդ տուող էակ մը չէ, այլ էապէս դաստիարակ մըն է: Մանուկներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան վճռական եւ ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը առաւելապէս իր ուսերուն վրայ կ’իյնայ: Ան կոչուած է կրթելու մանուկը «իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առակաց 22 . 6):

Արդարեւ, մեծ եւ բախտորոշ է մօր մը դերը իր տան եւ իր պատկանած ընկերութեան, ազգին ու մարդկութեան կեանքին մէջ: Ի զուր չէ ըսուած. «Այն ձեռքերը, որոնք օրօրոցը կը շարժեն, աշխարհը կը շարժեն»: Յիրաւի, մօր «տկար» ձեռքերուն մէջ է ճակատագիրը ե՛ւ ազգին ե՛ւ աշխարհին: Մա՛յրն է իր զաւակներու նկարագրի դարբինը: Մա՛յրն է անոնց հոգիներու հողին սերմնացանը: Մա՛յրն է իր զաւակներու ճակատագրին, եւ ուրեմն նաեւ, մարդկութեան ճակատագրին հետ խաղցող էակը, որուն շինածը ոչ ոք կրնայ քանդել, եւ որուն քանդածը ոչ ոք կրնայ շինել:

Ինչպէս ծաղիկը կը բուրէ, արեւը լոյս եւ ջերմութիւն կը սփռէ, բնութիւնը իր բարիքները կը հանդիսադրէ, այնպէս ալ տիպար մօր մը կեանքը կը փայլի առաքինութեան գործերով: Տիպար մայրը միշտ կը ջանայ իր կեանքը դարձնել «առաքինութեանց հանդիսարան» մը:

Տիպար մայրը, սակայն, իրազեկ է այն ճշմարտութեան, որ ինք չի կրնար «առաքինութեանց հանդիսարան» մը հանդիսարան» ըլլալ, մինչեւ ինք ամէն առաքինութեանց աղբիւր եղող զԱստուած չճանչնայ, չի կրնար ընտիր եւ տիպար դաստիարակ ըլլալ, մինչեւ կեանքի Գերագոյն Վարդապետէն` Քրիստոսէ չսորվի:

Մայրերու օրուան առիթով, երբ մեր սիրոյ զգացումները կը յայտնենք մեր ապրող մայրերուն եւ մեր յարգանքի ու երախտագիտութեան  տուրքը  կ’ընծայենք մեզմէ  մարմնապէս մեկնած մայրերուն, երբեք մտահան չընենք այն իրողութիւնը, որ իրենց կեանքով ու կենցաղով տիպար եւ աստուածավախ մայրերն են, որոնք ամէնէն աւելի արժանի են մեր մեծարանքին: Այդ ընտիր դաստիարակներն են, որոնք իրենց կենարար դերն ու անջնջելի ազդեցութիւնը թողուցած են մարդկային կեանքի մէջ եւ օրհնութեան միջոց դարձած են մարդոց:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2024, 09:28