2024.05.13 Meeting leader religiosi al Cairo con Tawadros e Aram I

Արամ Ա., Թաուատրոս Բ. եւ Աֆրամ Բ. Հոգեւոր Պետերու հանդիպումը Գահիրէի մէջ

Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, երեք հոգեւոր պետերը առիթ ունեցան խորհրդակցելու իրենց եկեղեցիներուն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ: Գործադիր վարչութեան ժողովին մասնակցեցան Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Մակար արք. Աշգարեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Ուրբաթ, 10 մայիս 2024-ին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Թաուատրոս Բ. ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը եւ Աֆրամ Բ. ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը միօրեայ հանդիպում մը ունեցան ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, Գահիրէ, Եգիպտոս: Յիշեալ հանդիպումը մաս կը կազմէ երեք հոգեւոր պետերու միջեւ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող աշխատանքային հանդիպումներու շարքին:

Երեք եկեղեցիներու գործակցական կառոյցը հիմնուած է 1996-ին` վեհափառ հայրապետին առաջարկով եւ Շնուտա Գ. պատրիարքին եւ Զաքքա Ա. պատրիարքին հաւանութեամբ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 1998-ին, Գահիրէ: Նոյն հանդիպման ընթացքին նշանակուած է Գործադիր վարչութիւն մը` իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կողմէ երկու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Անցնող տարիներու ընթացքին, ճշդուած ուղեգիծին համաձայն, Գործադիր վարչութիւնը ունեցած է իր տարեկան հանդիպումները, իսկ հոգեւոր պետերը հանդիպած են երկու տարին անգամ մը, յաջորդաբար, Անթիլիասի, Դամասկոսի եւ Գահիրէի մէջ: Գործադիր վարչութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները եղած են Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ Գործադիր վարչութիւնը իր երկօրեայ աշխատանքային ժողովը ունեցաւ եւ հոն քննարկուած նիւթերու ամփոփումը, ինչպէս նաեւ ժողովէն բխող առաջարկները ներկայացուեցան հոգեւոր պետերուն: Հոգեւոր պետերը իրենց քննարկումներու աւարտին կատարեցին միացեալ յայտարարութիւն մը: Յիշեալ յայտարարութեան մէջ, ողջունելէ ետք իրենց եկեղեցւոյ հաւատացեալները, անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը աւելի կազմակերպ ու աշխուժ դարձնելու հրամայականը: Դատապարտեցին Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, շեշտեցին քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան անհրաժեշտութիւնը` փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան հիման վրայ: Անդրադառնալով միջեկեղեցական գործակցութեան ու աստուածաբանական երկխօսութեան, անոնք առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայեցին Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն ունեցած աստուածաբանական երկխօսութեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին հետ եւ այդ ծիրին մէջ քննարկեցին կարգ մը խնդիրներ: Միաժամանակ անոնք ընդգծեցին վերանորոգ թափով միջեկեղեցական գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հետ:

Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, երեք հոգեւոր պետերը առիթ ունեցան խորհրդակցելու իրենց եկեղեցիներուն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ: Գործադիր վարչութեան ժողովին մասնակցեցան Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Մակար արք. Աշգարեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2024, 08:40