Կանց. «Նեթանիահուին մինչեւ 8 Յունիս ժամանակ կու տամ պատերազմի ռազմավարութիւն ճշդելու
Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ եւ իսրայէլեան կառավարութեան մէջ թիւ 2 դէմքը եղող Պենի Կանց Թել Աւիւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը մինչեւ 8 յունիս պէտք է յստակացնէ աշխատանքի նոր ռազմավարութիւն մը, որ կ՛երաշխաւորէ մեր գերիներու տունդարձը եւ կ՛ականահարէ (Կազայի մէջ) Համասի իշխանութիւնը»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին մինչեւ 8 յունիս ժամանակ կու տամ, պատերազմին ու անոր յաջորդող օրուան ռազմավարութիւնը ճշդելու», յայտարարեց Կանց:
«Մենք արտակարգ դրութեան կառավարութենէն դուրս պիտի գանք, եթէ Նեթանիահուն պահանջները չկատարէ», ըսաւ ան` նշելով. «Եթէ Նեթանիահուն շարունակէ իր ներկայ ուղիով ընթանալ, ապա ժողովուրդին եւ ընտրութիւններուն կայացման պիտի դիմենք»:
«Գործարքի վերջին առաջարկը հաւասարակշռուած է, եւ կարելի է զայն զարգացնել», եւ զայն մերժողը Նեթանիահուն է, հակառակ անոր որ Համաս անոր համաձայն գտնուեցաւ:
«Պէտք է մեր գերիները վերադարձնենք, Համասի իշխանութիւնը ականահարենք, Կազան զինաթափենք եւ Կազայի ղեկավարման համար եւրոպական-արաբական դաշինք ստեղծենք», ըսաւ Կանց` նշելով. «Անմիջական փոփոխութեան կարիք կայ, եւ հարցերը ներկայ կացութեան մէջ պիտի չձգենք»:
Ըստ անոր, պէտք է «անվտանգութեան հատուած»-ին վրայ Իսրայէլի վերահսկողութիւնը հաստատել եւ «ստեղծել Կազայի կառավարման միջազգային քաղաքացիական մեքանիզմ, որ պիտի ներառէ ամերիկեան, եւրոպական, արաբական եւ պաղեստինեան տարրեր, ինչ որ նոյնպէս հիմք պիտի ծառայէ Համասէն եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն տարբերող ապագայ այլընտրանքին համար»:
«Պէտք է աշխատանք տանինք մինչեւ սեպտեմբեր հիւսիսի քաղաքացիները իրենց տուները վերադարձնելու: Այս ժամանակը բաւարար է»:
Կանց նաեւ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ պատերազմը վերջին ամիսներուն շեղած է իր ուղղութենէն իսրայէլացի որոշ ղեկավարներու վախկոտութեան պատճառով:
Նախարարը նաեւ պահանջած է նպաստել Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման` «իբրեւ ազատ աշխարհի եւ Արեւմուտքի հետ դաշինքի կառուցման համապարփակ հոլովոյթի մէկ մաս` ընդդէմ Իրանի եւ անոր դաշնակիցներուն», եւ որդեգրել ռազմական-ազգային ծառայութեան համակարգը, ըստ որուն բոլոր իսրայէլացիները պէտք է ծառայեն պետութեան եւ իրենց ներդրումը ունենան ազգային ջանքերուն մէջ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Կանց մամլոյ ասուլիսի հրաւիրելէ առաջ գաղտնաբար արաբական շարք մը մայրաքաղաքներ այցելած է:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, անդրադառնալով Կանցի մամլոյ ասուլիսին, յայտնեց. «Այն պահուն, երբ մեր զինուորները Ռաֆահի մէջ կը կռուին, նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց վարչապետը կը զգուշացնէ` Համասը զգուշացնելու փոխարէն»:
«Կանցի պայմանները պատերազմին վերջ տալ, Իսրայէլի պարտութիւնը, գերիներու զոհաբերումը, Համասի պահպանումն ու պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը կը նշանակեն»:
Իսրայէլի հաղորդակցութիւններու հարցով նախարար Շլոմօ Քարհի յայտնեց, որ Կանց «կը սպառնայ 8 յունիսին հրաժարիլ, եթէ իր պայմաններուն անձնատուր չըլլանք, եւ անոր կ՛առաջարկեմ վաղն իսկ հրաժարիլ»:
Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ Պենի Կանց «փոքր ղեկավար է եւ մեծ ստախօս, եւ կառավարութեան միանալուն առաջին պահէն հիմնական կերպով կը կեդրոնանայ զայն քայքայելու վրայ»` աւելցնելով. «Կանցի Ուաշինկթըն այցելութիւնները անոր դաւադրութեան միայն մէկ փոքր բաժինն էին»:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցելէլ Սմոթրիչ Նեթանիահուէն պահանջեց Կազան իսրայէլեան ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնելու «ռազմավարական որոշում» որդեգրել` աւելցնելով. «Նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդին մէջ Պենի Կանցի ներկայութեամբ կամ ոչ մեր մարտիկներուն եւ ժողովուրդին շնորհիւ պիտի յաղթենք»:
Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի երկու անդամներ Պենի Կանցին ու Կատի Այզենքոթին կ՛ըսեմ` բա՛ւ է, դուրս եկէք պատերազմական սեղմ խորհուրդէն, բա՛ւ է մամլոյ ասուլիսներ տաք»:
«Կանցին եւ Այզենքոթին կ՛ըսեմ` եթէ կառավարութեան մէջ նստած չըլլայինք, շրջանցած կ՛ըլլայինք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիրի ժամանակաշրջանը», ըսաւ Լափիտ:
Մինչ այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի Ռաֆահի մէջ յաջորդ փուլին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ