2024.05.23Claude Wiseler Presidente parlamento Lussemburgo

Լիւքսեմպուրկ Պաքուէն կը պահանջէ անմիջապէս ազատ արձակել բոլոր ռազմագերիները

«Մենք պիտի շարունակենք մեր ներգրաւուածութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան հարցին մէջ մենք կ՛աջակցինք խաղաղութեան հաստատման եւ համոզուած ենք՝ գերիներու ազատ արձակումը նախապայման է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար, ասիկա շատ յստակ է մեզի համար», ընդգծեց Վիզլեր։

Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն արտասանած խօսքին մէջ, Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Քլոտ Վիզլեր յայտարարեց, որ իր երկիրը կը պահանջէ, որ Պաքու անմիջապէս ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիները եւ համապարփակ տեղեկութիւն տրամադրէ անյայտ  կորսուած անձերուն մասին։ «Արդարութիւնը եւ մարդասիրութիւնը կը պահանջեն, որ այս անձերը ազատ ըլլան՝ առանց որեւէ յետաձգման, եւ այս պահանջ է, որ ընտանիքները ստանան պատասխաններ, որոնց անոնք պարզապէս արժանի են», յայտարարեց ան։

Վիզլեր շեշտեց, որ Լիւքսեմպուրկ պատրաստակամ է զարգացնելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով, որ իրեն համար մեծ պատիւ է Հայաստան գտնուիլը։

«Մէկ տարուան ընթացքին, ասիկա իմ երկրորդ այցելութիւնս է Հայաստան, ինչ որ աննախադէպ է։ Առաջին անգամ ես հոս էի իբրեւ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամ, սակայն այն պահէն, երբ դարձայ պալատի նախագահ, ես ըսի՝ պէտք է վերադառնամ։ Զիս ատոր դրդեցին վերջին ամիսներուն այս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Ասիկա ցոյց կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիւքսեմպուրկի յարաբերութիւններու զարգացումը։ Ունինք շատ աշխոյժ քաղաքական երկխօսութիւն», ըսաւ ան։

Վիզլեր յայտարարեց, որ Հայաստան կը վայելէ Լիւքսեմպուրկի ամբողջական աջակցութիւնը՝ ժողովրդավարութեան հաստատելու իր ճամբուն վրայ։ Ան ողջունեց նաեւ Հայաստանի կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը։

«Մենք Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին մէջ յաճախ կը խօսինք Հայաստանի, այստեղ տիրող կացութեան մասին․ կայ մէկ առանձնայատկութիւն՝ բոլոր միջնորդութիւններն ու բանաձեւերը, զորս մենք ընդունած ենք Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին մէջ, բոլորը միաձայնութեամբ ընդունուած են։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ձախակողմեան եւ աջակողմեան կողմերը՝ բոլոր խմբակցութիւններն ու կուսակցութիւնները միաձայն են Հայաստանի վերաբերող հարցերուն մէջ։ 2015ին, երբ մենք քուէարկեցինք ի նպաստ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին, այն ատեն եւս միաձայն էինք, իսկ 2020ին միջնորդութիւններու համար քուէարկեցինք։

«Մենք պիտի շարունակենք մեր ներգրաւուածութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան հարցին մէջ մենք կ՛աջակցինք խաղաղութեան հաստատման եւ համոզուած ենք՝ գերիներու ազատ արձակումը նախապայման է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար, ասիկա շատ յստակ է մեզի համար», ընդգծեց Վիզլեր։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի խորհրդարանի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի քննադատութիւնը՝ Լիւքսեմպուրկի որդեգրած՝ Հայաստանին նպաստող բանաձեւին, որուն գծով Պաքու պնդեց, որ անիկա միջամտութիւն է Ատրպէյճանի ներքին հարցերուն, ան ըսաւ.«Ես կը կարծեմ, որ պէտք չէ մեկնաբանեմ որեւէ դատապարտութիւն։ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին մէջ մենք մեր աշխատանքը կ՛ընենք եւ եթէ բան մը ունինք ըսելիք, մենք ատիկա կ՛ըսենք ու կ՛ընենք։ Հայաստանի հարցով մենք ունինք յստակ դիրքորոշում եւ չկայ ոեւէ մէկը, որ մեզ ետ կանգնեցնէ»։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՎԻԶԼԵՐԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ատրպէյճանի խորհրդարանը դատապարտեց Երեւանի մէջ Վիզլերի կատարած յայտարարութիւնները՝ պնդելով, որ «միջամտութեան փորձերը նպատակ ունին խաթարել խաղաղութեան գործընթացի յաջող ձեռքբերումները»։

«Երեւի Լիւքսեմպուրկի ներկայացուցիչները իրենց օրէնսդրութեան մէջ ֆրանսերէնը հիմնական լեզու սահմանելով, չափազանց տարուած են հարաւկովկասեան տարածաշրջանի նկատմամբ «ֆրանսական ոճ»ի մօտեցումով։ Անոնք չեն խուսափիր կամայականօրէն խեղաթիւրել տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ նոյնիսկ ինչ-որ պահանջներ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Դիմելով հայկական կողմին՝ ատրպէյճանի պատգամաւորները «յիշեցուցին».  «Տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երրորդ երկիրներու կողմէ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ միակողմանի մօտեցումներուն, յերիւրանքներուն ու սուտերուն ծափահարելն ու աջակցիլը օգուտ կը բերէ ո՛չ խաղաղ գործընթացին, ոչ ալ վստահութեան ամրապնդման միտող քայլերուն»։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2024, 08:36