Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանի հանդիպումը՝ ՀՀ նախագահին հետ
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ ատոնց լուծման ուղղութեամբ հայաստանեան ղեկավարութեան կողմէ իրականացուող համալիր քայլերուն:
Անմիջական մթնոլորտի մէջ Հանրապետութեան նախագահը եւ Սրբազան հայրը զրուցած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայ կաթողիկէներու համայնքային կեանքի անցուդարձերու վերաբերեալ:
Պատասխանելով Միքայէլ սրբազանի կողմէ բարձրացուած կաթողիկէ համայնքին յուզող հարցերուն, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը մանրամասներ յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացքող սահմանազատման գործընթացի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ընդհանուր իրողութիւններու վերաբերեալ:
Հանդիպման երկուստեք ընդգծուած է ներքին եւ արտաքին օրակարգային հարցերու մէջ Հայաստանի կողմէ որդեգրուած իրատեսական քաղաքականութեան սկզբունքներու հետեւողական կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ