2024.05.21 Premiata direttrice scuola armeno cattolica di Kessab

Պարգեւատրում Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Բարեյուսոյ» Վարժարանի գործադիր տնօրէնուհի` Օրի. Սալբի Թիթիզեանի

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Բարեյուսոյ» Վրժ.-ի, գործադիր տնօրէնուհի` Համեստափայլ Օրի.Սալբի Թիթիզեան բանախօսեց նիւթ ունենալով` «Աստուածածինը որպէս տիպար օրինակ հայ մայրերու»։

Երկուշաբթի` 20 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս.Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը կատարուցաւ «Մայրերու տօնին» առիթով։

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Բարեյուսոյ» Վրժ.-ի, գործադիր տնօրէնուհի` Համեստափայլ Օրի.Սալբի Թիթիզեան բանախօսեց նիւթ ունենալով` «Աստուածածինը որպէս տիպար օրինակ հայ մայրերու»։Ան ըսաւ.«Աստուած նոր ուխտով մը, երբ Իր սէրը ուզեց յայտնել մարդ արարածին եւ փրկել զայն յաւիտենական տանջանքէն` ընտրեց Սուրբ Կոյս"Մարիամ"ը որպէս զի ըլլայ Փրկիչին մայրը եւ այսպիսով` կամուրջ հանդիսանայ` Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան միջեւ։Այս աւետիսով Աստուած յեղաշրջեց համամարդկային պատմութեան ընթացքը,ուր պարզ եւ աննշան կոյս մը դարձաւ կիներուն մէջ օրհնեալը,զոր Աստուած ընտրեց անկէ մարմին առնելու եւ մարդանալու։Այսօր,

հայ մայրեր շատ բան ունին սորվելիք Աստուածածինին օրինակէն որպէս մայր։Աստուած տեսաւ անոր մէջ մաքրակենցաղ ապրումներու խորան եւ մաքուր ընթացք ունեցող կոյս մը,որուն շնորհիւ արժանացաւ կոչուելու "Տիրամայր" եւ "Աստուածածին"։Մայր անունը կրելը դիւրին չէ, ան կը պահանջէ բացառիկ պատասխանատուութիւն,

որովհետեւ մայրը հոմանիշ է կեանքի։Մարիամ իր կեանքով ցոյց տուաւ լիարժէք կեանքով ապրելու կարեւորութիւնը, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ ցաւ։Ան հաւատարիմ մնաց իր կոչումին մինչեւ վերջ։Իր խօսքին աւարտին, բանախօսը մաղթեց որ Տիրամօր կերպարը,մայրական գութն ու անսպառ սէրը ուղեցոյց դառնան մեր սիրել հայ մայրերուն ամէնուրեք, բարեխօսելով առ Միածին Որդիին` Տէր Յիսուս Քրիստոսին,ամէն։ Աւարտին` Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Օրի. Թիթիզեանին բանախօսութեան եւ յատկապէս վարժարանէն ներս որպէս գործադիր տնօրէնուհի, Իր 20-ամեայ նուիրումին, Սիրոյ եւ ծառայութեան համար ու Քրիստոսի արձանի յուշանուէրով պարգեւատրեց զինք։

Պարգեւատրում Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Բարեյուսոյ» Վարժարանի գործադիր տնօրէնուհի` Օրի. Սալբի Թիթիզեանի
Պարգեւատրում Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Բարեյուսոյ» Վարժարանի գործադիր տնօրէնուհի` Օրի. Սալբի Թիթիզեանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2024, 10:44