Սլովաքիոյ վարչապետը մահափորձի ենթարկուեցաւ
Վարչապետին ուղղութեամբ չորս կրակոց արձակուած է, անոնցմէ ոմանք` որովայնին: Վարչապետի կեանքին վտանգ կը սպառնայ:
Երէկ զինուած յարձակման ենթարկուած է Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոն, այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով տեղական լրատուամիջոցները:
Կը հաղորդուի, որ զինուած միջադէպը տեղի ունեցած է մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայէն դուրս, երբ Ֆիցոն դուրս կու գար շէնքէն, ուր կառավարութիւնը արտակարգ նիստ կը գումարէր:
Վարչապետին ուղղութեամբ չորս կրակոց արձակուած է, անոնցմէ ոմանք` որովայնին: Վարչապետի կեանքին վտանգ կը սպառնայ:
Կրակոցներ արձակողը ձերբակալուած է:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/05/2024, 08:20