Վկայութիւն մը` հանգուցեալ Անի Պէզիքեանի մասին - Արամ Ա Կաթողիկոս
Շուրջ յիսուն տարիներէ ի վեր ճանչցած ենք տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը: 1975-ին Լիբանանէն ներս ստեղծուած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով անոնք հաստատուեցան Իտալիա: Նոր միջավայրի ծանր պայմաններուն մէջ իսկ, շնորհիւ իրենց խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու ջանասէր ոգիին, կարճ ժամանակի մը ընթացքին անոնք կրցան վերակազմակերպել թէ՛ իրենց ընտանեկան կեանքը եւ թէ՛ գործը:
Պէզիքեան ընտանիքի կեանքի այս դժուար շրջանին տիկին Անին` որպէս մայր, իր ամուսնոյն կողքին ունեցաւ վճռորոշ դերակատարութիւն: Ան մօտէն հետամուտ եղաւ երկու զաւակներու կրթութեան` թէ՛ ընտանեկան հայեցի դաստիարակութեան եւ թէ՛ համալսարանական ուսման ճամբով: Իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն` Արամի ու Զարեհի կողքին, Անին նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ իրենց ընտանեկան գործին ծաւալման աշխատանքներուն: Անիի կեանքին յիշեալ երկու տարածքներու ապա եկաւ միանալ իր ամբողջական ու անմնացորդ նուիրումը` օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի ազգային, մշակութային, ընկերային ու մարդասիրական կարիքներուն:
Արդարեւ, վերջին շուրջ 30 տարիներուն Պէզիքեան ընտանիքը մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ եղաւ ԲԱՐԵՐԱՐ` բառին ամբողջական առումով: Որքա՜ն հարազատօրէն կը պատշաճի յիշեալ բնութագրումը այս պատուական ընտանիքին, որուն հաւաքական սիրտը, հեռո՜ւ մեր համայնական կեանքէն, միշտ կը տրոփէ հայութեամբ ու հայութեան համար:
Հետեւողական կերպով, եւ յաճախ իր նախաձեռնութեամբ, Պէզիքեան ընտանիքը բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարեց մեր կեանքի բազմազան մարզերէն ներս, Հայաստանի ու Լիբանանի մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կեդրոնական տեղ գրաւեց Պէզիքեան ընտանիքի բարերարութիւններուն ծիրէն ներս: Այսպէս, դպրեվանքի յատուկ հիմնադրամի հաստատումը, Նահատակաց մատրան վերանորոգումը եւ Հայաստանի առաջին անկախութեան յուշարձանի հաստատումը` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Ցեղասպանութեան յուշարձանի վերանորոգումը եւ անոր շրջապատին ընդարձակումը` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շինութիւնը` «Թռչնոց բոյն»-ի որբանոցին մէջ, առաւել մղում ու հմայք տուին մեր Սուրբ Աթոռի համազգային առաքելութեան:
Յատուկ յիշատակութեան ու երախտագիտութեան արժանի է Պէզիքեան ընտանիքին կատարած օժանդակութիւնները լիբանանահայութեան, Լիբանանի պատմութեան ամէնէն ծանր տարիներուն: Արդարեւ, կարիքաւոր ընտանիքներուն ու դպրոցական աշակերտներուն իրենց կատարած օժանդակութիւնը, զանազան հիւանդութիւններու ենթակայ անձերուն անմիջական օգնութիւնն ու զանազան կազմակերպութիւններու եղած օժանդակութիւնները` Հայ դատէն սկսեալ մինչեւ բարեսիրական, մարզական, կրթական ու մշակութային կառոյցներ, ինչպէս նաեւ յայտարարուած բազում օժանդակութիւններուն առընթեր, նաեւ լուռ կերպով հիւանդներուն ու կարիքաւորներուն եղած աջակցութիւնը անկասկած իւրայատուկ տեղ մը կու տան Պէզիքեան ընտանիքին մեր ազգի մեծ բարերարներու շարքին:
Պէզիքեան ընտանիքին կողմէ կատարուած բոլոր բարերարութիւններուն մղիչ ուժը հանդիսացաւ տիկին Անին` իր անխոնջ դերակատարութեամբ: Արդ, անվարան կրնանք տիկին Անին կոչել Աւետարանի բացատրութեամբ` նոր օրերու «Բարի Սամարացի»-ն, որ օգնութեան հասաւ անխտիր Հայաստանի ու Լիբանանի իր ազգին տառապեալ զաւակներուն: Վստահ ենք, որ Անիին բարի յիշատակը միշտ պիտի մնայ վառ իր ամուսնոյն Ալեքքոյին, իր զաւակներուն` Արամին ու Զարեհին եւ իր թոռնուհիին` Անիին կեանքին մէջ. եւ անոնք գործնապէս պիտի արժեւորեն անոր բարի ու անմոռաց յիշատակը:
Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ալեքքոյին, որ միշտ մնաց Անիին կողքին` մինչեւ անոր կեանքի վերջին վայրկեանը, նաեւ` Արամին, Զարեհին, կրտսեր Անիին եւ բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն, հայցելով, որ Աստուած Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ զիրենք:
Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ հանգուցեալ Անի Պէզիքեանի բարի հոգին եւ զինք յաւիտենական կեանքի արժանի դարձնէ:
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի» (Առ. 10.7):
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
29 մարտ 2024
Անթիլիաս, Լիբանան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ