Քաբիթոլ Հիլլ Քաբիթոլ Հիլլ 

Շիֆ Եւ 47 քոնկրեսականներ Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղեն` Արցախի Հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի վայրագութիւններէն պաշտպանելու

Ամերիկացի օրէնսդիրները ընդգծած են, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան համար այս զգալի վտանգներուն պատճառով կը գրեն այս նամակը: Այս ձեւով, անոնք կ՛արտայայտեն իրենց խոր մտահոգութիւնը` նշելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է աւելի ընէ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կանխարգիլելու համար:

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ատամ Շիֆ եւ Քոնկրեսի իր գործընկերներու 47 անդամէ բաղկացած երկկուսակցական խումբը արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի ուղղուած նամակին մէջ Միացեալ Նահանգները յորդորած են առաջնահերթութիւն տալ Արցախի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայկական ժառանգութիւն ունեցող վայրերու պաշտպանութեան` ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու հետ հետագայ բոլոր դիւանագիտական հաղորդակցութիւններուն ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը:

«Չկայ Ազրպէյճանի ցեղասպանութեան մտադրութեան աւելի յստակ ապացոյց, քան անոր համակարգուած ջանքերը` ոչնչացնելու Արցախի մէջ հայկական քաղաքակրթութեան վերջին հետքը, ճիշդ ինչպէս, որ թրքական կառավարութիւնները կատարեցին Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Մենք կ՛ողջունենք ներկայացուցիչ Շիֆի ղեկավարութիւնը հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ապահովելու գործին մէջ եւ կը գնահատենք անոր շարունակական ջանքերը մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու համար Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ», նշած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Քոնկրեսական Ատամ Շիֆի եւ երկկուսակցական խումբի յղած նամակին մէջ, մասնաւորաբար, կը նշուի. «2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումով արդէն իսկ ապացոյցներ կան, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ թէ՛ այս շրջանին մէջ, թէ՛ ալ ատկէ դուրս հայկական մշակոյթը ջնջելու իր ռազմավարութիւնը»:

Ամերիկացի օրէնսդիրները ընդգծած են, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան համար այս զգալի վտանգներուն պատճառով կը գրեն այս նամակը: Այս ձեւով, անոնք կ՛արտայայտեն իրենց խոր մտահոգութիւնը` նշելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է աւելի ընէ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կանխարգիլելու համար:

«Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ձեր բարձրաստիճան դիւանագէտները կը հանդիպին ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու հետ, յստակ չէ` արդեօք այդ մտահոգութիւնները կը բարձրացուի՞ն կամ արդեօք կը բարձրացուի՞ն համապատասխան լրջութեան մակարդակով, որուն արժանի է հարցը», նշուած է նամակին մէջ:

«Քոնկրեսական Շիֆի նամակը ծնունդ առած է անցեալ ամիս Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպիի` Արցախի Շուշի քաղաք կատարած այցելութենէն ետք: Ընդամէնը չորս օր առաջ դեսպան Լիպպին յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի քարոզչական շոուին, երբ անոր հարցուցին, թէ կը ծրագրէ՞ այցելել 2020 թուականի արցախեան պատերազմի եւ 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակման պատճառով հպատակուած շրջաններ: Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտին այցելութիւնը Շուշի քաղաք, որ ցեղային զտման ենթարկուած է իր հայ բնակչութենէն, եւ վերջին մշակութային աւերածութիւններու վայր` Ազրպէյճանի թելադրանքով, կը նպաստէ Ազրպէյճանի ցեղասպանական վարքագիծի բնականոնացման` նոյն ատեն կը խաթարէ վստահութիւնը շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան նկատմամբ: Այցելութիւնը նաեւ ակնյայտօրէն կը շեղէ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ Արցախի ցեղային զտումէն ետք Ազրպէյճանի հետ «սովորական գործարարութիւն պիտի չըլլայ», իր հաղորդագրութեան մէջ ընդգծած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2024, 07:20