TOPSHOT-US-POLITICS-INAUGURATION

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը կոչ կ՛ուղղէ՝ պահպանելու քաղաքացիներուն խօսքի եւ հանրահաւաքներու ազատութեան իրաւունքը

«Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կը հետեւի Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերուն: Մենք ցուցարարները կը յորդորենք հաւաքներու ազատութեան իրենց իրաւունքը իրականացնել պատասխանատու կերպով՝ զերծ մնալով բռնութիւն դրսեւորելէ: Քաղաքական տարակարծութիւններու լուծումը կ՛ապահովուի ժողովրդավարական գործընթացներու միջոցով:

13 Յունիսին հրապարակած յայտարարութեան մը միջոցաւ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յորդորեց ոստիկանութիւնը՝ զերծ մնալ բռնութիւն դրսեւորելէ:

«Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կը հետեւի Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերուն: Մենք ցուցարարները կը յորդորենք հաւաքներու ազատութեան իրենց իրաւունքը իրականացնել պատասխանատու կերպով՝ զերծ մնալով բռնութիւն դրսեւորելէ: Քաղաքական տարակարծութիւններու լուծումը կ՛ապահովուի ժողովրդավարական գործընթացներու միջոցով:

Մենք նաեւ կը խրախուսենք իրաւապահները՝ հասարակական կարգի պահպանումը իրականացնել քաղաքացիներու խօսքի եւ հանրահաւաքներու ազատութեան իրաւունքի ապահովումով եւ քննութիւն իրականացնել բոլոր այն միջադէպերուն, որոնց ընթացքին տեղ գտան ընթացակարգերու հնարաւոր խախտումներ, որոնց կարգին՝ ցոյցերը լուսաբանող լրագրողներուն վերաբերող»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2024, 08:51