2024.05.18 Rupen Vartanian

Պաքուի մէջ կալանաւորուած Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային ւրաւաբանական Խումբի հրատապ դիմումը ՄԱԿ-ին

Ինչպէս նշուած է փաստաբանական խումբին տարածած հաղորդագրութեան մէջ, ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներուն դէմ կոմիտէի յատուկ զեկուցող Էլիս Էտուարտսին ներկայացուցած դիմում-բողոքին Ճարետ Կենսըր եւ անոր խումբը շեշտած են ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի մասին:

Ազրպէյճանի մէջ կալանաւորուած քաղաքական բանտարկեալ Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբանական խումբը 13 Յունիսին հրատապ դիմում ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներուն դէմ կոմիտէի յատուկ զեկուցողին՝ յորդորելով դատապարտել ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ իրականացուող խոշտանգումներն ու դաժան վերաբերմունքը։

Ինչպէս նշուած է փաստաբանական խումբին տարածած հաղորդագրութեան մէջ, ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներուն դէմ կոմիտէի յատուկ զեկուցող Էլիս Էտուարտսին ներկայացուցած դիմում-բողոքին Ճարետ Կենսըր եւ անոր խումբը շեշտած են ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի մասին:

«Չափազանց մեծ մտահոգութիւն յարուցած է, որ Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը եւ միջազգային փաստաբանը տեղեկացուցած են, որ 2024 Ապրիլին յայտարարուած հացադուլի ժամանակ Վարդանեանը տեղափոխած են պատժախուց, զրկած են խմելու ջուրի հասանելիութենէն, քնանալու եւ արտաքին աշխարհին հետ կապի կարելիութիւններէն։ Տեղեկութիւն չկայ, թէ որքան ուժեղ եղած են այդ ամէնուն հետեւանքով անոր հասցուած հոգեբանական եւ ֆիզիքական վնասները։

«Ռուբէն Վարդանեան յայտնի մարդասէր եւ բարերար է, որ երկար տարիներ շարունակ պաշտպանած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իրաւունքները: Յատկանշական է, որ ազրպէյճան զայն դիտարկած է որպէս սպառնալիք, զայն կը փորձեն լռեցնել կամայական կալանքի միջոցով, իսկ վերջին շրջանին՝ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի միջոցով: Եթէ ազրպէյճան կը փափաքի, որ իրեն լուրջ վերաբերին միջազգային հարթակի վրայ, եւ COP29-ը դառնայ «Խաղաղութեան COP», ապա պէտք է դադրեցնէ Վարդանեանի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը եւ անյապաղ կերպով ազատ արձակէ զայն եւ Լեռնային Ղարաբաղի միւս քաղբանտարկեալները»,- ըսած է Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւախորհրդատու Ճարըտ Կենսըր:

5-25 Ապրիլ 2024-ին Ռուբէն Վարդանեան հացադուլ յայտարարած էր՝ ի նշան բողոքի իր եւ միւս հայ բանտարկեալներու քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդումներուն դէմ։ Ի պատասխան՝ ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան նախաքննական մեկուսարանի պաշտօնեաները Վարդանեանը տեղափոխած են պատժախուց, ուր զայն պահած են ողջ հացադուլի ընթացքին։ Մենախուցին մէջ լոյսը վառած է շուրջօրեայ, որ յանգեցուցած է անքնութեան եւ հիւծման։ Բացի անկէ, զայն ստիպած են երկար ժամանակ ոտքի վրայ կանգնած մնալ եւ աւելի քան երկու օր զրկած են խմելու ջուրէն։ Աւելին, անոր թոյլ չեն տուած լոգնայ եւ փոխէ հագուստը, չեն յատկացուցած զուգարանի թուղթ, արգիլած են գիրք կամ կարդալու որեւէ նիւթ վերցնել, ան զրկուած է անկողինի սպիտակեղենէ: Յատկապէս մտահոգիչ է այն փաստը, որ ո՛չ Վարդանեանի փաստաբանին, ո՛չ ոեւէ մէկուն՝ տեղւոյն Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանին, չեն արտօնած հացադուլի ժամանակ այցելել Վարդանեանին, իսկ անոր շփումը արտաքին աշխարհի հետ (օրինակ՝ ընտանիքի հետ հեռաձայնային կապերը) դադրած է։

Այս վերաբերմունքով, որ նպատակաուղղուած է հացադուլին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քաղաքական գործունէութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պաշտպանութեան համար Վարդանեանը պատժելուն, ազրպէյճան կոպտօրէն խախտած է Խոշտանգումներու դէմ համաձայնութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի՝ Բանտարկեալներուն հետ վարուելու նուազագոյն չափանիշի վերանայուած կանոնները: Ցաւօք, Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը ամէնեւին զարմանալի չէ. ազրպէյճանը յայտնի է եւ լաւ փաստագրուած պատմութիւն ունի թէ՛ քաղբանտարկեալներուն ընդհանրապէս, թէ՛ մասնաւորապէս ցեղային հայ կալանաւորները խոշտանգելու հարցով: Նկատի առնելով Ռուբէն Վարդանեանի ազգային պատկանելութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մէջ անոր՝ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայի կարգավիճակը, ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ վերաբերմունքի բացայայտ քննադատութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն կալանքի տակ պահելը Պետական անվտանգութեան ծառայութեան տակ (որ տխրահռչակ համբաւ ունի հայերու խոշտանգումներու հարցով), Վարդանեան կը գտնուի յետագայ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի վերահաս վտանգին տակ:

«Մենք ցնցուած էինք՝ իմանալով, թէ ինչ սարսափներու միջոցով անցած է հայրս։ Սարսափելի է նոյնիսկ մտածել, թէ ինչ կ’ընեն ազրպէյճանի մէջ ոչ այդքան յայտնի բանտարկեալներու նկատմամբ, որոնք նման միջազգային աջակցութիւն չեն ունեցած, ինչպէս՝ հայրս։ Յանուն ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր քաղբանտարկեալներուն՝ ըլլան հայեր, ազրպէյճանցիներ կամ ոեւէ այլ ազգութեան ներկայացուցիչներ, նմանօրինակ անմարդկային վերաբերմունքը բանտարկեալներուն նկատմամբ պէտք է դադրի։ Մենք կոչ կ’ուղղենք ՄԱԿ-ին՝ ազրպէյճանի կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ օգնել պաշտպանելու հօրս կեանքը»,- նշած է Ռուբէն Վարդանեանի աւագ որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան:

Բազմաթիւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, ազգային կառավարութիւններ եւ միջազգային կառոյցներ կոչ ուղղած են ազրպէյճանին ազատ արձակելու Ռուբէն Վարդանեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի միւս քաղբանտարկեալները։ Օրինակ՝ 11 Յունիս 2024-ին, ամերիկացի ծերակուտական Էտ Մարքը՝ Ծերակոյտի բարձր ամպիոնէն, կոչ ուղղած էր ազատ արձակելու բանտարկեալները, առանձնայատուկ կերպով նշելով եւ դատապարտելով Վարդանեանի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: 

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2024, 07:51