Պաղեստինի դրօշակը Պաղեստինի դրօշակը  (ANSA)

Հայաստան ճանչցաւ Պաղեստին Պետութիւնը

Ցարդ գլխաւորաբար Միջին Արեւելքէն, Ասիայէն եւ Ափրիկէէն տասնեակներով պետութիւններ ճանաչում շնորհած են Պաղեստին պետութեան։ Վերջերս անոնց միացան նաեւ Սպանիա, Իրլանտա, Նորվեկիա եւ Սլովենիա։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 21 Յունիսին յայտարարեց, թէ Երեւան պաշտօնապէս կը ճանչնայ Պաղեստին պետութիւնը:

«Գազայում տիրող աղէտալի իրավիճակը եւ շարունակուող ռազմական հակամարտութիւնն այսօր միջազգային քաղաքական օրակարգի՝ կարգաւորում պահանջող առաջնային խնդիրներից մէկն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրականապէս մերժում է զինուած հակամարտութեան ընթացքում քաղաքացիական ենթակառուցուածքների թիրախաւորումը, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքացիական անձանց պատանդառումն ու գերեվարումը եւ միանում է առանց նախապայմանների նրանց ազատ արձակման միջազգային հանրութեան պահանջներին։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միացել է ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովի բանաձեւերին, որոնք կոչ են անում անյապաղ հրադադար հաստատել Գազայում: Աւելին, Հայաստանի Հանրապետութիւնն անկեղծօրէն շահագրգռուած է Մերձաւոր Արեւելքում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ, հրեայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդների միջեւ տեւական հաշտութեան կայացմամբ: Միջազգային տարբեր հարթակներում մենք մշտապէս հանդէս ենք եկել պաղեստինեան հարցի խաղաղ եւ համապարփակ կարգաւորման օգտին եւ պաշտպանում ենք իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան լուծման՝ «երկու պետութիւն» սկզբունքը: Համոզուած ենք, որ դա միակ ճանապարհն է երաշխաւորելու, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները կարող են իրականացնել իրենց օրինական ձգտումները: Ելնելով վերոնշեալից եւ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ ժողովուրդների հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Պաղեստինի պետութիւնը», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը ողջունեց Երեւանի քայլը, մինչ իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանը եւ այս գծով անոր «խիստ յանդիմանութիւն» փոխանցուեցաւ։

Աւելի ուշ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Պաղեստինի պետութեան ճանաչման վերաբերեալ նախարարութիւնը հրապարակել է յայտարարութիւն, որում ներկայացուած են Հայաստանի մօտեցումները, այդ թւում՝ «երկու պետութիւն» սկզբունքի մասով: Հանրային լրացուցիչ մեկնաբանութիւն չունենք: Այս պահին Հայաստանի դեսպանի հետ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնում հանդիպում տեղի չի ունեցել»:

Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակի խորհրդական Տմիթրի Կենտելման խստօրէն դատապարտեց է Պաղեստինը ճանաչելու պաշտօնական Երեւանի որոշումը, զայն նկատելով «մրցանակ մը «Համաս»ին եւ պաղեստինեան այլ խմբաւորումներու ահաբեկիչներու եւ մարդասպաններուն համար»։
 «Այդ քայլը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Իսրայէլի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վրայ», աւելցուց խորհրդականը:

Ցարդ գլխաւորաբար Միջին Արեւելքէն, Ասիայէն եւ Ափրիկէէն տասնեակներով պետութիւններ ճանաչում շնորհած են Պաղեստին պետութեան։ Վերջերս անոնց միացան նաեւ Սպանիա, Իրլանտա, Նորվեկիա եւ Սլովենիա։

ԱՆԳԱՐԱ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն միջոցով ողջունեց Պաղեստին պետութիւնը ճանչնալու՝ Հայաստանի որոշումը:

«Մենք կ՛ողջունենք Սպանիոյ, Իրլանտայի, Նորվեկիոյ եւ Սլովենիոյ օրինակին հետեւելու եւ Պաղեստին պետութիւնը ճանչնալու Հայաստանի որոշումը: Մենք միշտ ընդգծած ենք, որ Պաղեստինի ճանաչումը միջազգային իրաւունքի, արդարութեան եւ խիղճի պահանջն է», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Անգարա պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որպէսզի աւելի մեծ թիւով պետութիւններ ճանչնան Պաղեստինը:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2024, 08:56