Mosca, 5 i morti nell'attacco a Sebastopoli, 3 bambini

Ահաբեկչական յարձակումներ՝ Ռուսիոյ մէջ. Զոհերու թիւը անցած է 40

Զոհերուն մէջ մասը եղած են անդամներ իրաւապահ մարմիններու եւ ահաբեկիչներու գրոհը թիրախ ընտրած է քաղաքի սինակոկը։

Ռուսաստանի տարբեր շրջաններու մէջ այսօր տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է  40 մարդ։ 

 Կը նշուի, որ   տեղի ունեցած մի քանի գրոհներէն ամենածանրը եղած է Տաղստանի մէջ, ուր իրաւապահ մարմիններ փորձած են ահաբեկիչ զինեալներէ մաքրել մասնաւորապէս Սերգոկալինսքի շրջանը։ 

 Զոհերուն մէջ մասը եղած են անդամներ իրաւապահ մարմիններու եւ ահաբեկիչներու գրոհը թիրախ ընտրած է քաղաքի սինակոկը։

Շրջանի մարզղեկավար Մագոմեդ Օմարով  բեզրման ենթարկուած ու տարուած է ոստիկանատուն, որովհետեւ ըստ ռուսական ԶԼՄ-ներու վերջինիս որդիները եւ հարազատները նոյնպէս մասնակից դարձած են ահաբեկչական գրոհին։

 Ռուսական խնդիրներով մասնագէտ կարգ մը վերլուծողներ եղած դէպքերը դիտարկելով նշած են, որ «այս կիրակի օրը, արեան կիրակի էր՝ Ռուսիոյ համար»։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2024, 07:59