Նախագահ Պայտըն Նախագահ Պայտըն  (ANSA)

Պայտըն. «Հայ-Ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը վերջ պիտի տայ տասնամեակներ տեւած տագնապին»

Պայտըն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են շրջանին մէջ կայունութեան ապահովումով:

Հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը վերջ պիտի դնէ տասնամեակներ տեւած տագնապին, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տարողութեամբ պիտի փոխէ Ազրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի դերը: Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նամակ-ուղերձին մէջ, որ կարդացուած է Պաքուի մէջ Կասպեան քարիւղի եւ կազի 29-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ:

Պայտըն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են շրջանին մէջ կայունութեան ապահովումով:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին այս ուղղութեամբ ջանքերուն եւ յաւակնութիւններուն, ձեռք բերուած հայ-ազրպէյճանական համաձայնութիւններուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2024, 08:45