Եւրոպական Միութիւնը 100 հազար Եուրօ մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ Հայաստանի աղէտի գօտիին
Հայաստանի Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ, Մայիսին տեղացած յորդառատ անձրեւներուն պատճառով առաջացած հեղեղումներէն առաւել շատ վնասներ կրած գիւղերուն աջակցելու նպատակով, Եւրոպական Միութիւնը կը յատկացնէ 100 հազար եուրօ մարդասիրական օգնութիւն:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութենէն յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումը կը յատկացուի՝ օժանդակելու համար Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան խիստ անհրաժեշտ, որոնց կարգին դրամական օգնութիւն եւ անհրաժեշտ պարագաներ ուղարկելու:
Մարդասիրական օգնութիւնը կը միտի օգտակար ըլլալ ընդհանուր առմամբ 5060 շահառուներու, որոնց մէջ 2500 անհատներու, որոնք պիտի ստանան դրամական օգնութիւն` լուծելու իրենց ամէնէն հրատապ կարիքները, եւ 2760 անհատներու, որոնք պիտի ստանան աջակցութիւն բնակարանի տրամադրման, ինչպէս նաեւ ջուրի եւ առաջին անհրաժեշտութեան պայմաններու ապահովման նպատակով: Աջակցութիւնը ուղղուած է այն տնային տնտեսութիւններուն, որոնց տուները, ցանքի հողատարածքները, անասունները եւ պարէնային պաշարները վնասուած են հեղեղումներուն պատճառով:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ